Թրիփոլիի Մէջ Ապահովական Ծրագիրը Գործադրութեան Հանգրուան Կը Թեւակոխէ

tripoli_securityԹրիփոլիի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերը անցեալ շաբաթավերջին անցան կառավարութեան վաւերացուցած ապահովական ծրագիրը գործադրութեան հանգրուանին հասցնելու միջոցառումներուն:

Թրիփոլիի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու պետ գնդապետ-զօրավար Պասսամ Այուպիի գլխաւորութեամբ քաղաքին մէջ զետեղուեցան անցարգելներ` ունենալով անցարգելէն փախուստ տալ փորձող անցորդին դէմ կրակ բանալու իրաւասութիւնը:

Ներքին ապահովութեան ուժերը բերման գիր արձակեցին Պապ Թըպպանէի զինեալ բախումներու ճակատի պատասխանատուներէն Հուսամ Սապպաղի դէմ, անոնք ձերբակալեցին նաեւ Ժապալ Մըհսենի զինեալ բախումներու Մաշարիֆա ճակատի պատասխանատուն:

Նշենք, որ երէկ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի մրցում մը, որուն նպատակն էր Թրիփոլիի մէջ խաղաղութեան հաստատումը, եղբայրասպան արիւնահեղութեան կասեցումը եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդումը:

Մարզական այս իրադարձութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի եւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ:

Ռիֆի յայտնեց, որ իրենք կը գտնուին շրջանային եւ միջազգային յարմար կացութեան մը հանգրուանին` դուրս գալու համար Թրիփոլիի բռնարարքներէն:

Ան ըսաւ, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրը աստիճանաբար եւ հանգրուանային կերպով պիտի գործադրուի:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ Թրիփոլիի իր անցարգելին կից գտաւ ական մը, որ կապուած էր պիւթակազի շիշի մը, կը կրէր պայթուցիչ մը եւ պատրաստ էր պայթելու:

Բանակի սակրաւորները վնասազերծեցին ականը, որ 15 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ կը պարունակէր:

Պէտք է աւելցնել, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս երէկ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Թրիփոլիի մէջ ապահովութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ են հիւսիսային Լիբանանի մէջ գործադրելու ապահովական ծրագիրը` գործակցելով լիբանանեան բանակին հետ:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրին` ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ անիկա կը միտի Լիբանանը հեռու պահել Սուրիոյ հրդեհէն:

Ըստ անպաշտօն տեղեկութիւններու Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ալի Իտ Լիբանանէն մեկնած է, իսկ կուսակցութիւնը կը սերտէ անոր որդին` Ռիֆաաթ Ալի Իտը լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնելու կամ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն տրամադրութեան տակ դնելու միջոցները:

Պապ Թըպպանէի զինեալ բախումներու ճակատի պատասխանատու Զիատ Ալուքի շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց կռիւը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դէմ:

Ան պահանջեց նախքան զինեալ բախումներու ճակատի պատասխանատուները ձերբակալելը ուղղուիլ երկրին գլխաւոր պատասխանատուներուն եւ զանոնք ձերբակալել:

Ալուքի յայտնեց, որ իրենք ուղղուած են զէնք բարձրացնելու 7 մայիսի դէպքերէն ետք: «Ես այսօր դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած եմ, որովհետեւ ինքզինքս, կրօնս եւ արժանապատուութիւնս պաշտպանած եմ», ըսաւ ան եւ պահանջեց Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտն ու անոր զաւակը` Ռիֆաաթ Իտը դատավարութեան ենթարկել:

Ալուքի ընդգծեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրը մեռած ծնած է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )