«Լիբանանեան Բանակին Նման Բանակ Ունեցող Երկիր Մը Անպայման Պիտի Յաղթէ» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

sleiman_alphabet

Նախագահ Սլէյման` իր խօսքին պահուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ, սկզբունքով այսօր տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստը ենթակայ է քաղաքական տարբեր ուժերու բացակայութեան:

Այս շրջագիծին մէջ Մարատա հոսանքն ու Հըզպալլան հաստատեցին, որ իրենք ներկայ պիտի չըլլան Ազգային երկխօսութեան նիստին:

Իր կարգին, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեցին, որ իրենք եւս պիտի չմասնակցին Ազգային երկխօսութեան նիստին:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան մերժեց իր մասնակցութիւնը բերել Ազգային երկխօսութեան նիստին, մինչ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան հաստատեցին Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը:

Նշենք, որ երէկ նախագահ Սլէյման Ժիպէյլի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանեան այբուբենին նուիրուած յատուկ տօնակատարութեան, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին նման բանակ ունեցող երկիր մը պիտի յաղթէ` աւելցնելով, որ իր կարգին նաեւ հաւատքը պիտի յաղթէ հաւատադրժողութեան եւ անաստուածութեան:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ երբ բանակին զինուորները արժանապատուութեամբ, զոհողութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կ՛երդնուն, անոնք գիտեն, թէ ի՛նչ է այդ երդումին տարողութիւնը: «Ուրիշին հաւատքը դրժողը ինք կ՛ըլլայ անհաւատը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Ան յայտնեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը որդեգրուած է միջազգային բոլոր հեղինակութիւններուն կողմէ, որոնցմէ է Քուէյթի վեհաժողովը:

«Մենք կառչած պիտի մնանք վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրով վաւերացուած սահմանադրութեան ամրապնդումին», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման դարձեալ կոչ ուղղեց մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ շարունակելու երկրին պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան քննարկումը:

«Մենք հրաւիրած ենք Ազգային երկխօսութեան նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ զէնք կրելու իրաւասութիւնը միայն պետութեան եւ երկրին բանակին վստահելու կարեւորութիւնը: Մենք կը ցաւինք, որ քաղաքական կարգ մը հեղինակութիւններ պիտի չմասնակցին Ազգային երկխօսութեան նիստին, սակայն կը մաղթենք, որ անոնք աւելի ուշ միանան այդ նիստերուն», աւելցուց ան:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքականութիւնը եւս ունեցած է իր այբուբենը, որ հիմնուած է ազատութեան, ժողովրդավարութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան վրայ: «Մենք այս արժէքներէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանը չէզոք պահելու քաղաքականութենէն պիտի չզիջինք», եզրափակեց նախագահ Սլէյման:

 

Share this Article
CATEGORIES