Արսալի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Անցարգելը` Ականահարումի Թիրախ

arsal_baytoumԿեդրոնական եւ հիւսիսային Պեքաայի մէջ սկսած դիրքաւորուելու արշաւի մը շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակի    անկարգելաւորներու ջոկատ մը, որ Ուատի Աթայի մէջ շուրջ տասը օր առաջ ունեցած էր իր անցարգելը եւ սկսած Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին հսկողութեան, շաբաթավերջին դարձաւ ականահարումի թիրախ:

Սուրիական Ֆլիթայի մօտակայքը գտնուող Արսալ-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուող բանակի անցարգելը թիրախ դարձաւ ահաբեկչութեան, երբ անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը անցարգելին մօտ պայթեցուց ականուած ինքնաշարժը:

Անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Պաալպեքի սիւննի ազատականներու փաղանգը եւ հրապարակեց անձնասպանական գործողութեան հեղինակ Ապտել Քատեր Թաանի լուսանկարը` շեշտելով, որ այդ գործողութեան նպատակն է բանակին կողմէ Սամի Աթրաշի սպանութեան վրէժը լուծել:

Բանակը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական այս գործողութիւնը կատարուեցաւ «Քիա» տիպի սեւ գոյնի ինքնաշարժով, որ Լիբանան ուղղուած էր սուրիական հողերէն եւ պատճառեց երեք նահատակ ու 4 վիրաւոր:

Նահատակ զինուորներն են Մահմուտ Իպրահիմ Հաժ Հասան, Հիւսէյն Սուհէյլ Համտար եւ Ապտել Քատեր Մոհամետ Օուէյք:

Երէկ յետմիջօրէին Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր ուղղուեցաւ պայթումին վայրը եւ ստուգեց զայն` իմանալով բանակին բացած հետաքննութեան եւ քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաք ջոկատին քննութիւններուն նախնական արդիւնքները, ինչպէս նաեւ այդ իմաստով տուաւ իր ցուցմունքները:

Արսալի մէջ արդէն իսկ տեղակայուած լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժեր նկատուող անկարգելաւորներու ջոկատը աւելցուց այդ շրջանին մէջ իր թուաքանակը եւ խստացուց իր հսկողութիւնը:

Լիբանանեան բանակին հրամանատարութեան հրապարակած տարբեր հաղորդագրութիւններուն մէջ հաստատուեցաւ, որ բանակի անցարգելը թիրախ դարձուցած ինքնաշարժը ականուած էր 100 քիլոկրամ «Թի. Էն. Թի.» պայթուցիկ նիւթով, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով ոչինչ պիտի կասեցնէ բանակին կամքը:

Նշենք, որ անպաշտօն տեղեկութիւններու համաձայն, նախքան Ուատի Աթայի պայթումը, Լիբանան մուտք գործած են «Պի. Էմ. Էքս. 5» տիպի երկու ականուած ինքնաշարժներ:

Դատապարտումի Ալիք

Վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց բանակը թիրախ դարձուցած ականահարումը. ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ անոր ըսաւ, թէ սոյն դէպքը ահաբեկչական նենգ արարք մըն է:

«Նման արարքներ պիտի չարգիլեն մեզի, որ Լիբանանի տարածքին ապահովական ծրագիրը գործադրենք եւ ահաբեկչական բոլոր դաւադրութիւններուն վերջ տանք: Ահաբեկչութիւնը պիտի չկոտրէ բանակին կամքը` երկրին ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով», ըսաւ Սալամ:

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել ընդգծեց, որ բանակը եւ լիբանանեան պետութիւնը վճռակամ են Լիբանանի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան առումով, որքան ալ բազմաթիւ ըլլան անոնց սպառնացող մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Արսալի ականահարումը ահաբեկչական արարք մըն է եւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն գործադրելիք ապահովական ծրագիրէն ոչինչ պիտի փոխէ:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց բանակին դէմ ականահարումը` հաստատելով, որ լիբանանեան բանակը ամբողջ Լիբանանին է եւ զայն թիրախ դարձնելը կտրականապէս մերժելի:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ցաւ յայտնեց բանակին շարքերէն ինկած նահատակներուն համար եւ մտահոգութիւն յայտնեց նմանօրինակ արարքներու առումով: Ան կոչ ուղղեց բանակին ապահովական յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրելու:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շեշտեց, որ Արսալի պայթումը քստմնելի է եւ կը միտի Լիբանանը սադրանքներու տիղմին մէջ խրել:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան դատապարտեց Արսալի մէջ բանակին դէմ գործուած պայթումը` հաստատելով, որ բանակը թիրախ դարձնելու արարքը մերժելի է:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ արագ եւ կտրուկ միջոցառումներու դիմելու:

Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը դատապարտեց բանակը թիրախ դարձնող պայթումը, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները թիրախ կը դարձնէ, ի՛նչ համայնքի կամ կրօնի որ ալ անոնք պատկանին:

Հըզպալլա կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնելու բանակին եւ համախմբուելու անոր հովանիին տակ, որովհետեւ ահաբեկչութեան ուղեգիծը փաստած է, որ վերջինս բոլորին թշնամին է:

Հըզպալլա դրուատեց բանակին կամքը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր շարքերէն ինկած բոլոր նահատակներուն հարազատներուն եւ բանակի հրամանատարութեան:

Ամալ շարժումի Պեքաայի գրասենեակը իր կարգին դատապարտեց Ուատի Աթայի պայթումը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ամրապնդելու իրենց միասնականութիւնը եւ նեցուկ կանգնելու բանակին:

Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի դատապարտեց բանակին դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը` հաստատելով, որ իրենք կը զօրակցին բանակին եւ անոր հետ կը գտնուին նոյն խրամատին մէջ` պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )