ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սլէյմանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս խօսուեցաւ Քեսապի վերջին իրադարձութիւններուն մասին եւ շեշտը դրուեցաւ անոնց մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան վրայ:

Այցելութիւն Զօր. Աունին

Նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ռապիէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, եւ ներկայացուեցաւ կառավարութեան յառաջիկայ գործունէութեան գծով ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքը: Դարձեալ խօսակցութեան առարկայ դարձան Քեսապի վերջին իրադարձութիւնները եւ անոնց մէջ Թուրքիոյ ակնյայտ դերակատարութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )