Ամերիկացի Օրէնսդիրները Կը Դատապարտեն Յարձակումները Պատմական Քեսապ Քաղաքին Վրայ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտես, Քոնկրեսի Հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Մայքըլ Քրեմը եւ այլ քոնկրեսականներ դատապարտած են Քեսապ քաղաքին վրայ կատարուած յարձակումները:
«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ օրէնսդիրները կոչ ուղղած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հետաքննելու այդ յարձակումները եւ անմիջապէս քայլերու ձեռնարկելու անպաշտպան բնակչութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ:
«Ինչպէս դուք, ես եւս խորապէս անհանգստացած եմ 21 մարտին թուրք-սուրիական սահմանին վրայ Քայիտայի մօտ նկատուող, Թուրքիոյ մէջ հաստատուած ահաբեկիչներու յարձակումներուն կապակցութեամբ: Նման բնոյթի յարձակումներ օրինակ են Սուրիոյ մէջ կատարուած բռնութիւններուն նոր եւ վտանգաւոր հանգրուանի մը հասնելուն, ուր ծայրայեղական իսլամականներ իրենց թիրախը դարձուցած են Սուրիոյ փոքրամասնութիւնները` իրենց կրօնական պատկանելիութեան համար: Ես կը դատապարտեմ նման արարքներ, որոնց շարքին նաեւ հայ քրիստոնեաներուն դէմ ուղղուած յարձակումները» ըսած է Ռոպըրթ Մենենտես իր նամակին մէջ:
Իսկ նախագահ Օպամային ուղղուած նամակին մէջ քոնկրեսականները յայտնած են, որ Սուրիոյ հայութեան զանգուածային գաղթը կը յիշեցնէ մօտ հարիւր տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մենենտեսին եւ մարդու իրաւունքներու ջատագով միւս քոնկրեսականներուն, որոնք հանդէս եկած են աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրելու Քեսապ քաղաքին դէմ կատարուած յարձակումներուն վրայ», յայտնած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան: