Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ամերիկայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Յստակ Գործողութիւններ Կ՛ակնկալէ` Քեսապի Մէջ Թուրքիոյ Մեղսակցութիւնը Կանխելու Առումով

Քեն Խաչիկեան

Քեն Խաչիկեան

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը գնահատած է Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը` Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ իր մտահոգութիւններուն մասին, եւ անհամբերութեամբ կը սպասէ, որ անոր հետ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին արտասանուած մտահոգութիւնները կը վերածուին յստակ գործողութիւններու` ի պաշտպանութիւն Քեսապի, Հալէպի եւ ամբողջ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն, հայերուն եւ միւս փոքրամասնութիւններուն:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այս մասին յայտարարած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան:

«Այնուամենայնիւ, մենք մտահոգուած ենք վարչակազմի լռութեամբ` այն պարագային, երբ ծայրայեղական ուժերու յարձակումները դիւրացնելու գործին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը մատնանշող համոզիչ ապացոյցներ կան, եւ կ՛ակնկալենք, որ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին խիստ հաղորդագրութիւն մը կ՛ուղարկէ Էրտողանի վարչակազմին` այս յարձակումներուն մէջ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը դադրեցնելու պահանջով», յայտնած է Խաչիկեան:

Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնած էր Քեսապի մէջ տիրող դէպքերուն վայրագութեան կապակցութեամբ. «Մենք խորապէս անհանգստացած ենք Քեսապի մէջ կռիւի ու վայրագութեան դէպքերուն կապակցութեամբ, ինչ որ վտանգելով հայ համայնքին կեանքը, շատերուն ստիպած է փախուստի դիմել», յայտնած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Մերի Հարֆ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )