Ուաշինկթըն Մտահոգ` Քեսապահայութեան Իրավիճակով

Harf.3003Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մերի Հարֆ ուրբաթ օր յայտարարեց.«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Սուրիոյ Քեսապ բնակավայրին մէջ տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւններով եւ բռնութիւններով, ինչ որ կը վտանգէ Քեսապի հայ համայնքը` անոր բազմաթիւ անդամները հարկադրելով տեղահան ըլլալ իրենց տուներէն»:

«Այնտեղ կան բաւական մեծ թիւով անմեղ քաղաքացիներ, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառով: Այնտեղ գտնուող բոլոր քաղաքային անձերը եւ շրջանին սրբավայրերը պէտք է պաշտպանուած ըլլան: Ինչպէս սուրիական տագնապի ամբողջ ընթացքին բազմաթիւ անգամներ յայտարարած ենք` մենք կը ցաւինք Սուրիոյ քրիստոնեաները եւ այլ փոքրամասնութիւնները պատուհասած շարունակական սպառնալիքներուն համար», ըսաւ ան:

«Ինչպէս հաւանաբար արդէն տեղեակ էք, այս հարցը իրենց հանդիպումի ընթացքին քննարկած են նաեւ նախագահ Օպաման եւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, այլ հարցերու շարքին անդրադառնալով նաեւ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս քրիստոնեաներու ծանր կացութեան», ըսաւ Հարֆ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յիշեցուց զինեալներուն տարածած շարք մը հաղորդագրութիւնները, որոնց մէջ վերջիններս կը հաւաստիացնեն, թէ քաղաքայինները, փոքրամասնութիւններն ու անոնց սրբավայրերը իրենց համար թիրախ չեն: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ այդ խոստումները պիտի պահպանուին: Իսկ Միացեալ Նահանգներն ալ պիտի շարունակեն կայուն աջակցութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ մէջ ծաւալուող բռնութիւններէն վնասուածներուն, որոնց շարքին` հայերուն: Մենք շատոնց տագնապած ենք դաժան ծայրայեղականներէն բխող վտանգէն, եւ հայ բնակչութեան առջեւ ծառացած վերջին սպառնալիքները միայն կ՛ընդգծեն մեր մտահոգութիւնը», ըսաւ Մերի Հարֆ:

Ան այս յայտարարութենէն ետք քանի մը ուշագրաւ հարցումներու պատասխանեց:

«Թուրքիայէն ստացուող հաղորդումներու համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու ծրագրած էր Սուրիոյ մէջ սադրանք իրականացնել, որպէսզի Թուրքիան Սուրիա ներխուժելու պատրուակ ունենայ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս», հարցումին ան պատասխանեց.«Ինչպէս երէկ ըսի, ես թուրք պաշտօնատարներու ենթադրեալ խօսակցութիւններուն մասին ըսելիք բան չունին»: «Սակայն Տաւութօղլու ըսած էր, որ տեսերիզը իրական է», այս հարցումին Հարֆ պատասխանեց.«Դարձեալ նշեմ` ես այնտեղի մեղադրանքները չեմ մեկնաբաներ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )