Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Աշխատանքի մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք պիտի ձգէք` շնորհիւ ձեր գործակիցներուն բարեացակամ վերաբերումին: Շարունակեցէք այս լաւ ընթացքը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք սրամիտ հեգնանք մը, որ չի վիրաւորեր: Ձեր շուրջինները պիտի զուարճանան ձեր բնաւորութեան յատուկ այս վերաբերումէն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ փոքր անհանգստութիւն մը զգաք, կրնաք առաջքը առնել, երբ շուտով միջոց մը ձեռք առնէք նոյնքան փոքր դարմանումով: Կարեւոր է անդրադառնալը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամներու հետ կրնաք նոր ծրագիրներ մշակել յառաջիկայի գործունէութեան եւ ժամանցի պահերու վերաբերեալ: Գոհ պիտի մնաք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօր կատակելու կամ անիմաստ ժամանցի պահը չէ: Ունիք կարեւոր աշխատանք, լրջութեամբ հետեւեցէք օրուան պահանջին: Կը յաջողիք ուրախութեամբ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հետաքրքրուեցէք օտար մշակոյթով, աւանդութիւն ըլլայ թէ հեքիաթ: Այսպիսով կը զարգանայ ձեր ընդհանուր գիտելիքը եւ կը զօրանայ ձեր աշխարհիմացումը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր հետաքրքրութիւնը, լաւատեսութիւնը եւ պայծառ միտքը պիտի մղեն ձեզ` յառաջանալու ձեր ծրագրին իրագործման: Շարունակեցէք նոյն ձեւով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անձի մը հետ երկխօսութիւն ունենալու պարագային, ջանացէք լսել եւ առէք այն, ինչ որ օգտակար է ձեզի: Եղէք արթնամիտ եւ յարգեցէք ուրիշին կարծիքը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ թէ տունը կը շարժիք նոյն տրամադրութեամբ: Այսուհանդերձ, կատակը մէկ կողմ դրէք եւ լրջութիւնը պահեցէք միշտ եւ ամէն տեղ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր զրոյցներուն ընթացքին եղէք կատակասէր եւ զուարթ խօսակից: Լաւատեսութիւնը պէտք է ըլլայ ձեր ընկերը ամէն օր, որպէսզի ուրախանաք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կատակով պիտի անցնի ձեր օրը աշխատանքի մէջ եւ տունը, կատակ, որ զուարթ մթնոլորտ կը ստեղծէ ձեր շուրջը: Լաւ է այս տրամադրութիւնը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր շուրջիններուն հետ պիտի յարաբերիք քաղցր լեզուով: Սիրելի անձ մը պիտի ըլլաք ամէնուն համար: Մնացէք նոյն տրամադրութեամբ, ուրախ կը մնաք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )