50 Տարի Առաջ (1 Ապրիլ 1964)
Եունեսքօ
Համաշխարհային Պայքար
Անգրագիտութեան Դէմ
700 Միլիոն Չափահաս Անգրագէտներ Կան
Աշխարհի Վրայ
Մամլոյ թիւ 2474 հաղորդակցութեամբ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ, աշխարհի մէջ տիրող անգրագիտութեան դէմ իր ծրագրած պայքարին մասին:
Արդարեւ, ապրիլ 1-10, կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Փարիզ, նիստ պիտի գումարէ միջազգային մասնագէտներու յանձնաժողով մը` յատկապէս ուսումնասիրելու եւ բանաձեւելու համար այն պայքարը, որ անհրաժեշտ է տանիլ ի սէր եւ ի շահ համաշխարհային գրագիտութեան: Յանձնախումբը պիտի բաղկանայ 18 անդամներէ, երկրամաս գլուխ` չորս հոգի. Ափրիկէ, Ասիա եւ Լատին Ամերիկա, Եւրոպա` երեք ներկայացուցիչ, արաբական պետութիւններ` երկու, Հիւսիսային Ամերիկա` մէկ:
Յանձնախումբը պիտի ուսումնասիրէ գրագիտութեան համար գործադրուած ազգային ծրագիրները (նպատակներ եւ գործադրութեան միջոցներ, ծրագրում, կազմակերպութիւն եւ դրամական օժանդակութիւն), ինչպէս եւ` համաշխարհային գործակցութիւնը եւ դրամական նպաստը:
Աշխարհի չափահաս անգրագէտներուն թիւը 700 միլիոն կը համարուի, եւ այս թիւը տարեկան 20-25 միլիոն կ՛աճի: ՄԱԿ-ի ներկայացուած ծրագիրը կը ձգտի եկող տասը տարուան ընթացքին անգրագիտութենէն փրկել մօտաւորապէս 330 միլիոն հոգի, 15-20 տարեկան, որ է երկու երրորդը 500 միլիոն չափահաս անգրագէտներուն, որոնք, ըստ վերջին վիճակագրութեանց, կ՛ապրի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ պետութեանց մէջ:
Այլապէս հետաքրքրական հատոր մը հրատարակելու վրայ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որուն մէջ խտացած պիտի ըլլան այն բոլոր փորձերը, զորս կատարած են աշխարհի զանազան երկիրները` անգրագիտութեան յաղթելու համար: Կազմակերպութեան անդամ բոլոր պետութիւնները հրաւիրուած են տեղեկատուութեամբ մը պարզելու այն միջոցները, որ ձեռք առած են, դպրոցական դրութենէն դուրս, ջնջելու համար երիտասարդներուն եւ անչափահասներուն մէջ տիրող անգրագիտութիւնը:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն քաջալերած է նաեւ ձայն ու պատկերասփիւռի միջոցով կրթական ծրագիրներու գործադրութիւնը` դասաւանդութեան այս ձեւը իր ազդու եւ դիւրահաղորդ տարողութեամբ գնահատելի դեր կատարած ըլլալով անգրագիտութեան պայքարին մէջ:
Կոչ Պէյրութի Առաջին Ընտրաշրջանի
Քուէարկողներուն
Առաջնորդուած Լիբանանի գերագոյն շահէն,
Ու ընդհանրապէս անոր ժողովուրդին շահերուն եւ մասնաւորապէս Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանի քուէարկողներու գործերուն սերտակցօրէն ծառայելու նպատակով:
Կը յայտարարենք, թէ որոշած ենք միասնաբար տանիլ ընտրական պայքարը Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանին մէջ, հետեւեալ հիմերու վրայ.
1.- Զօրացնել ազգային միութիւնը, որ հիմքն է անկախութեան, կայունութեան եւ յառաջդիմութեան:
2.- Զօրաշարժի ենթարկել ազգին բոլոր կենսունակ ուժերը` Լիբանանը հասցնելու համար արդիականութեան եւ յառաջդիմութեան կատարը:
3.- Շարունակել սարքաւորման այժմու քաղաքականութիւնը` վասն վերաշինութեան եւ ընկերային ընդլայնուած ապահովութեան մը, գիտական հիմերու վրայ, իբրեւ սկզբունք ունենալով այն, թէ քաղաքացին նպատակն է քաղաքական ամէն գործունէութեան:
4.- Զօրացնել Ժողովրդավարութիւնը, որպէսզի Լիբանան մնայ ազատութեան եւ համերաշխութեան օճախ մը:
5.- Ամրապնդել Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը, որ ներշնչուած է Ազգային ուխտէն:
Մեր քուէարկողներէն պահանջելով, որ օժանդակեն ու զօրավիգ կանգնին մեզի, կը կրկնենք մեր յանձնառութիւնը` մնալու իրենց հաւատարիմ բանբերը խորհրդարանին մէջ:
Կեցցէ՛ Լիբանանը
Պէյրութի առաջին ցանկի անդամներ`
ՓԻԵՌ ԺԸՄԱՅԷԼ | ՄՈՎՍԷՍ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ |
ՖՈՒԱՏ ՊՈՒԹՐՈՍ | ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ |
ԱՆԹՈՒԱՆ ՍԵՀՆԱՈՒ | ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ |
ՇԱՐԼ ՍԱԱՏ | ԺՈԶԵՖ ՉԱՏԵՐ |
Հայկական Կեանք
10 Հազար Տոլարի Նուէր Ն. Փալանճեան Ճեմարանին
Ամերիկայի հայ մշակութային միութիւնը կը յայտարարէ հայ հանրութեան, որ Գարանֆիլեան ընտանիքը, Նիւ Ճըրզիէն, 10,000 տոլարի գումար մը յատկացուցած է միութեան, որուն եկամուտով աշակերտներ պիտի պահուին Պէյրութի Ն. Փալանճեան հայ ճեմարանին մէջ: Ֆոնտէն պիտի կարենան օգտուիլ հայ երիտասարդներ, որոնք ուսման ծարաւն ունին, բայց զուրկ են նիւթական միջոցներէ: Ֆոնտը պիտի ճանչցուի «ՄԿՐՏԻՉ ԵՒ ՊԵՏՐՈՍ ԳԱՐԱՆՖԻԼԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՖՈՆՏ» անունով:
Գարանֆիլեան եղբայրները` Մկրտիչ եւ Պետրոս, Ամերիկա գաղթած են Տիգրանակերտէն, դեռ 1911 թուականէն: Առաջին Համաշխարհային պատերազմին երկու եղբայրներն ալ զինուորագրուած են ամերիկեան բանակին, դրդուած կրկնակ նպատակէ մը. առաջին` իրենց սէրն ու երախտիքը յայտնած ըլլալու համար իրենց նորագիր հայրենիքին, եւ երկրորդ վրէժը լուծած ըլլալու համար իրենց ծնողքին ու ազգականներուն, որոնք անմեղ զոհերն էին հանդիսացած թրքական սարսափներուն:
Զինուորական իրենց ծառայութիւնը պատուով աւարտելէ ետք, անոնք կը վերադառնան դպրոցական գրասեղաններուն, եւ հուսկ յետոյ, կը բանան դեղարան մը Ուէսթ Վըրճինիա նահանգի Օրակա քաղաքին մէջ: Մինչեւ 1947 թուականը կը շարունակեն այդ գործը: 1947-ին երկու եղբայրներն ալ կը քաշուին գործէ: Անցնող տասնամեակներուն Գարանֆիլեան եղբայրները գործօն մասնակցութիւն կը բերեն տեղւոյն հայ կեանքին` առանձնապէս քաջալերելով հայ երիտասարդները` հետեւելու բարձրագոյն կրթութեան, որոնցմէ ոմանք այսօր հասած են նշանակալի դիրքերու` շնորհիւ Գարանֆիլեան եղբայրներու խորհուրդներուն ու աջակցութեան: