Ջաւախքի Օրերու Ծիրին Մէջ. Ջաւախքի Համար Ի՛նչ Ընելու Հրամայականն Է, Որ Պիտի Փորձենք Արթնցնել Ժողովուրդին Մէջ», Յայտնեց Յակոբ Գառնէշեան

DSC09240Այս շաբթուան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենան Ջաւախքի նուիրուած օրեր, որոնց ընթացքին տարբեր ձեռնարկներով հանդէս պիտի գան այս առիթով Ջաւախքէն Լիբանան հրաւիրուած տաղանդաւոր պատանիներ, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի մերօրեայ մարտահրաւէրներուն եւ տագնապներուն, պարզած վիճակին մասին պիտի խօսի Ջաւախքէն Արտակ Գաբրիէլեան:

Նախորդ շաբաթներուն, նոյն յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ կատարուեցան ծառատնկումներ` արցախեան նահատակներու յիշատակին:

Այս մասին, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս ՋԱՀ-ի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՋԱՀ յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գառնէշեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ անդրադառնանք ՋԱՀ յանձնախումբի կազմութեան նպատակին, անոր առաջադրանքներուն ու գործունէութեան ուղղութիւններուն:

ՅԱԿՈԲ ԳԱՌՆԷՇԵԱՆ.- Վերջին Ընդհանուր ժողովին խումբ մը երիտասարդներ նկատել տուին, որ մեր առօրեային մէջ կը բացակային կամ նախկինին նման իրենց տիրական տեղը չեն գրաւեր Ջաւախքը, Արցախը եւ առհասարակ Հայաստանը, որովհետեւ տարուած ենք մեր առօրեայ մտահոգութիւններով, հարցերով, ուստի ձեւով մը ասոնք սկսած են երկրորդական տեղ գրաւել մեր կեանքին մէջ: Այս երեքը իւրաքանչիւր հայու համար առաջնահերթութիւն դարձնելու, անոնց առօրեան մեր առօրեային հետ առնչելու ուղղութեամբ աշխատանք տանելու առաջադրանքով եւ այդ հրամայականէն մեկնած որոշում տրուեցաւ կազմելու ՋԱՀ (Ջաւախք – Արցախ – Արեւմտահայաստան) յանձնախումբը, որ իր գործունէութեան դաշտով չի խանգարեր այլ կառոյցներ, օրինակ «Արցախի ֆոնտ»-ը, որ արդէն ունի իր գործունէութեան յստակ դաշտը, երկար փորձառութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները: ՋԱՀ յանձնախումբը կը նպատակադրէ Արցախի, Ջաւախքի եւ Արեւմտահայաստանի իրադարձութիւնները մեր ժողովուրդին, յատկապէս երիտասարդութեան ու աշակերտութեան առօրեային մէջ ներկայութիւն դարձնել, ինչպէս նաեւ մերօրեայ հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործումով արագ ձեւով վերջին լուրերը փոխանցել եւ հասանելի դարձնել բոլորին: Արդէն աշխատանք կը տարուի, որպէսզի այդ մէկը իրականացնենք եւ իւրաքանչիւրին բջիջայինին հասցնենք լուրերը:

Յանձնախումբին նպատակն է ձեւով մը այդ կամրջումը հաստատել, պայման չէ, որ աշխատանքը անպայման եւ գործնականօրէն կատարուի հայրենի հողին վրայ. նուազագոյնը պէտք է ստեղծուի հոգեկան կապը, որպէսզի նաեւ ժողովուրդին մէջ ենթահողը պատրաստուի որեւէ գործնական ծրագիրը` այս երեք շերտերուն ուղղուած:

Նշեմ նաեւ, որ եթէ մեր գործունէութեան ծիրին մէջ կան առաջարկներ, մենք պատրաստ ենք անոնց ընդառաջելու մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ:

«Ա.».- Նախորդ շաբաթներուն ՋԱՀ-ի նախաձեռնութեամբ լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ տեղի ունեցան ծառատնկումներ, որոնք յատկանշական էին այն հանգամանքով, որ անոնք տուեալ վարժարաններուն մէջ զետեղուեցաւ ի յիշատակ արցախեան մեր ազատամարտիկ նահատակներուն: Խնդրեմ անդրադառնանք այս նախաձեռնութեան եւ անոր արձագանգներուն:

Յ. Գ.- Ինչպէս ըսի, մեր հիմնական նպատակն է որեւէ ձեւով աշխատանք տանիլ, որպէսզի մեր ու յատկապէս մեր աշակերտներուն առօրեային մէջ Ջաւախքը, Արցախն ու Արեւմտահայաստանը մնայուն ներկայութիւն դարձնենք: Նկատի ունենալով, որ փետրուարը ապստամբութիւններու ամիս է, մենք ընտրած էինք փետրուարեան արցախեան շարժման սկիզբը եւ դպրոցներուն մէջ նախաձեռնեցինք այս ծրագիրին, որ կը նպատակադրէր երկու բան. առաջինը կենսոլորտի մարզին մէջ աշակերտները զգօնութեան հրաւիրելն ու զանոնք պարտաւորեցնելն էր. արդարեւ, այսօր կենսոլորտի մարզը իբրեւ մարդ մեր կեանքին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ, ինչպէս կ՛ըսէ Գարեգին Նժդեհը. «Լաւ մարդ, ապա հայ». մեր պարտականութիւնն է նաեւ լաւ մարդ կերտել, իսկ լաւ մարդը պարտաւոր է իր բնութեան, կենսոլորտին նկատմամբ ըլլալ աւելի հոգատար ու ուշադիր: Իսկ այս մէկը ընելու ամէնէն ազդու միջավայրը, կը հաւատանք, որ աշակերտութիւնն է: Մեր երկրորդ նպատակը այդ զետեղուած ծառին ընդմէջէն յաւերժացնելն է յիշատակը Արցախեան հերոսամարտին ատեն ինկած մեր բոլոր նահատակներուն անխտիր` անկախ կուսակցական, համայնքային կամ տեղայնական պատկանելիութենէն: Այս նախաձեռնութիւնը սկսանք դպրոցներէն, ուր կատարուեցաւ ծառատնկում, եւ աշակերտներուն փոխանցեցինք կենսոլորտի պահպանման մէջ իրենց ներդրումին կարեւորութիւնը, սակայն շեշտեցինք, որ երբ իրենց առօրեային մէջ կը տեսնեն ծառին աճը, որուն մէջ իրենք եւս ներդրում ունին, եւ երբ կը կարդան անունը այն ազատամարտիկին, որուն յիշատակին կ’աճի ծառը, պէտք է գիտակցին, որ իրենք տակաւին աշխատանք ունին կատարելիք եւ անոնց սկսած գործը իրե՛նք է, որ պիտի շարունակեն: Յատկապէս խորհրդանշական էր պարագան այն դպրոցներուն, որոնք արդէն իսկ նահատակներ տուած են, օրինակ Ճեմարանի մէջ` Վիգէն Զաքարեանը, որուն  նստած գրասեղաններուն վրայ այսօր ուսում ստացող աշակերտները չեն կրնար անտարբեր մնալ, ուստի այդ ծառին ընդմէջէն այս պատգամը կը փոխանցուի: Նոյնն է պարագան նաեւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան եւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարաններուն, ուր աշակերտած է Մհեր Ջուլհաճեան: Այդ եւ հայկական բոլոր դպրոցներուն աշակերտները պարտաւոր են գիտակցելու, որ իրենք ունին ազգային գործ մը, պէտք է շարունակեն իրենց նախնիներուն սկսած առաքելութիւնը: Այս ծառատնկումը աշակերտներուն մէջ պիտի արթնցնէ այդ պարտաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հետաքրքրութիւնը` Արցախի մասին յաւելեալ գիտելիքներ ամբարելու, գիտնալու, թէ ովքե՛ր են այն նահատակները, որոնց յիշատակին ծառ զետեղուած է իրենց դպրոցի փակին մէջ, պէտք է գիտակցի, որ թէեւ այսօր խաղաղութիւն կը տիրէ Արցախի մէջ, սակայն հայրենիքը որեւէ պահուն կրնայ իրենց կարիքը ունենալ:

Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր լրատուամիջոցներուն, յատկապէս «Ազդակ»-ին եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հայկական լրատուութեան բաժանմունքին, որոնք մեր այս նախաձեռնութեան հետեւեցան եւ ժողովուրդը տեղեակ պահեցին այս մասին: Այս ծառատնկումը դրական արձագանգ գտաւ թէ՛ կենսոլորտի պահպանման իմաստով, եւ թէ արցախեան նահատակներու մնայուն եւ լռելեայն ներկայութեան իմաստով, որ ինքնին պատգամ է: Դպրոցները այս առիթով իրենք եւս նախաձեռնութիւններ կատարած էին, իսկ աւելի ուշ մեզի յղեցին շնորհակալական նամակներ` իրենց գոհունակութիւնը յայտնելով ու քաջալերելով նման նախաձեռնութիւններ:

Ասիկա առիթ եղաւ նաեւ, որ նկատենք, թէ դպրոցներուն մեծամասնութեան մէջ կը բացակայէր Արցախի դրօշակը, որ շատ կարեւոր է, որպէսզի աշակերտները գիտնան, թէ այդ նահատակները իրենց կեանքը նուիրեցին, սակայն կերտեցին պետութիւն մը: Ուստի, մենք կարեւոր նկատեցինք նախաձեռնել այլ քայլի մը եւ 9 մայիսին` Շուշիի ազատագրութեան առիթով, դպրոցներուն պիտի տրամադրենք Արցախի դրօշակները, որպէսզի լիբանանեան եւ հայկական դրօշակներուն կողքին ունենան իրենց տեղը` իբրեւ խորհրդանիշ անկախ մեր երկրորդ պետութեան:

«Ա.».- Այս շաբթուան ընթացքին նախաձեռնած էք Ջաւախքը լիբանանահայութեան ներկայացնելու միտող տարբեր ծրագիրներու, բան մը, որ այս տարողութեամբ հաւանաբար աննախընթաց է: Խօսինք այս ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքին մասին, որովհետեւ այդքան ալ դիւրին չէ այսքան մեծ թիւով երեխաներ հրաւիրելը, ինչպէս նաեւ անդրադառնանք ծրագիրին:

Յ. Գ.- Մեր երկրորդ նախաձեռնութիւնը եղաւ Ջաւախքէն տաղանդաւոր պատանիներ Լիբանան հրաւիրել, ինչ որ իր տեսակին մէջ առաջինն է, որովհետեւ մինչեւ օրս Ջաւախքի առնչուող քաղաքական քաշքշուքին մէջ քիչ մը լուսարձակներէ հեռու մնացած է ան: Ջաւախքը հայրենի հող է, սակայն անկախ չէ, ուստի մեզի համար ալ հարցական է, թէ ինչպէս պէտք է վերաբերիլ Ջաւախքի հետ: Բայց կարեւոր է, որ ժողովուրդներուն միջեւ կամուրջ ստեղծուի, անկախ քաղաքական ենթահողերէն եւ ծալքերէն: Ջաւախքի մէջ ապրող հայերուն հետ հոգեկան կապ մը ստեղծելու միջոցի մը փնտռտուք կատարեցինք, ատիկա կարելի եղաւ ընել շնորհիւ Ջաւախքի մեր ընկերներուն, որոնցմէ խնդրեցինք, որ եթէ տաղանդաւոր երեխաներ կան, զանոնք հրաւիրենք Լիբանան, որպէսզի սկսի կապ մը մեր ժողովուրդին եւ Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն կողմէ: Մենք ալ անակնկալի եկանք, որ Ջաւախքի մէջ համեստ ու դժուար պայմաններու մէջ կը գործեն մշակութային փոքր խմբաւորումներ, սակայն նկատի ունենալով, որ բոլորը կարելի չէր հրաւիրել, ընտրեցինք երկու երգ ու պարի խումբեր` «Գոհանամք» եւ «Հայք» որոնք կը բաղկանան 13 հոգիէ` 14-17 տարեկան, որոնք այդ դժուար պայմաններու մէջ, վրացական պետութեան կողմէ հայոց լեզուի պահպանման իմաստով ի գործ դրուած ամէն տեսակ ճնշումներուն եւ սահմանափակումներուն հակառակ կը շարունակեն գործել, կառչած եի իրենց մշակոյթին եւ յամառութեամբ կը պահպանեն զայն: Ուստի այս շաբթուան ընթացքին պիտի հիւրընկալենք Ջաւախքէն խումբ մը տաղանդաւոր պատանիներ, որոնց հետ կապ հաստատելու առիթ պիտի ունենան նաեւ մեր աշակերտները. թէեւ մէկ շաբաթը քիչ մը կարճ է երկուստեք` թէ՛ մեզի համար, եւ թէ իրենց, սակայն պիտի փորձենք այդ հոգեկան կապը ստեղծել: Ջաւախքահայ պատանիները պիտի այցելեն մեր դպրոցները, հաստատութիւնները, կեդրոններրը: Անկէ բացի ունինք երեք գլխաւոր ձեռնարկներ. առաջինը 3 ապրիլին, Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ կլոր սեղան է, ուր պիտի քննարկուի Ջաւախքի այսօրուան վիճակը, զեկուցաբերն է Արտակ Գաբրիէլեանը: Երկրորդ նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ ժողովրդային ձեռնարկը, ուրբաթ, 4 ապրիլին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի գեղարուեստական յայտագիր, ինչպէս նաեւ օրուան պատգամը պիտի փոխանցուի իրենց կողմէ: Մեր ժողովուրդը ասոր միջոցով ռազմակոչի պիտի ենթարկենք ո՛չ անպայման ռազմական նպատակով, այլ Ջաւախքի համար ինչ ընելու հրամայականն է, որ պիտի փորձենք արթնցնել ժողովուրդին մէջ: Ատոր համար ժողովուրդին կոչ կ’ուղղենք, որ ընդառաջէ մեր հրաւէրին եւ այդ ձեռնարկին ընդմէջէն Ջաւախքը ունենանք մեր առօրեային մէջ: Երրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 6 ապրիլին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ, գեղարուեստական երեկոյ մըն է` ջաւախքահայ պատանիներուն կողմէ ներկայացուած: Խումբը նաեւ պիտի այցելէ Այնճար, ուր այս յայտագիրը աւելի ամփոփ կերպով պիտի ներկայացուի Այնճարի բնակիչներուն: Այս ծրագիրի իրականացման հիմնական նպատակը այն է, որ մենք նաեւ շօշափելի կապ ստեղծենք Ջաւախքի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, որպէսզի Ջաւախքն ու ջաւախքահայութիւնը վերացական չմնան միայն:

«Ա.».- Ձեր ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս նկատեցինք, կան Արցախի եւ Ջաւախքի նուիրուած նախաձեռնութիւններ, իսկ Արեւմտահայաստանի վերաբերող ծրագիր ունի՞ք արդեօք:

Յ. Գ.- Հաւանաբար Ջաւախքին եւ Արցախին հետ բաղդատելով Արեւմտահայաստանի վերաբերող գործնական ծրագիրներ իրականացնելը աւելի դժուար է, ուստի մեր ճիգերը կը կեդրոնանան հոգեկան կապին եւ մտքերու վերաթարմացման վրայ:

Մենք նախաձեռնեցինք դպրոցական մրցումի մը` «Ճանչնանք մեր հայրենիքը» խորագիրով: Իւրաքանչիւր դպրոցէն ներկայացուցիչի մը մասնակցութեամբ կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր վարժարանի տրուեցաւ Արեւմտահայաստանի, Ջաւախքի, Արցախի, Նախիջեւանի եւ ներկայ Հայաստանի շրջան մը, որուն առնչուած մշակութային, ազգագրական, աւանդական կողմերը, տարբեր ձեւերով պիտի ներկայացուին: Ներկայացման ձեւի նորութիւնը, իւրայատկութիւնը իր տեղը ունի դատական կազմի արժեւորման մէջ, սակայն հիմնական է այն, որ տուեալ շրջանին առնչուած ծրագիր մը պիտի յղանան աշակերտները: Ատիկա կրնայ անպայման գետնի վրայ իրականացուելիք ծրագիր չըլլայ, կրնայ հոգեկան կապ մը ստեղծուի, օրինակ` եթէ դպրոց մը Վան շրջանը ընտրած է, կրնայ ուսումնասիրել, որ ներկայիս հոն որքա՞ն ծպտեալ հայեր կան, անոնք պատրաս՞տ են իրենց հայութիւնը վերականգնելու, ասոնց հետ կապ հաստատուի. Ջաւախքի պարագային կարելի է մշակութային կեդրոնի մը ազգագրական տարազներ ապահովել եւ ուղարկել: Պատանիներուն մտահորիզոնը եւ երեւակայութիւնը բաւական ընդարձակ կ’ըլլայ, պէտք է պեղել եւ նոր բացայայտումներ կատարել: Ուսուցիչներէն ալ խնդրած ենք, որ այս իմաստով իրենց ներդրումը նուազագոյն ըլլայ, որպէսզի աշակերտներուն մօտ նախաձեռնութեան ոգին զարգանայ, իրենց համար կատարուածը հետաքրքրական թուի եւ պարտականութեան բնոյթ չկրէ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 3 մայիսին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ուր պիտի համախմբուին հայկական երկրորդական վարժարանները, իւրաքանչիւր դպրոց իր պատրաստածը պիտի ներկայացնէ հայրենի շրջանի մը մասին:

Ըսեմ, որ Ջաւախքի, Արցախի, Արեւմտահայաստանի եւ Հայաստանի համար այնքան շատ աշխատանք կայ տանելիք, որ իւրաքանչիւրը սրտի ու խղճի պարտք պէտք է նկատէ ասիկա, խօսքը անպայման նիւթականի մասին չէ, այլ հոգեկան, գիտակցական: Մեր նախաձեռնութիւնները այս մէկուն կը միտին, որպէսզի լիբանանահայութեան եւ յատկապէս աշակերտներուն մտքերուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնենք վերոյիշեալները, անոնք գիտնան, որ պարտականութիւն ունին կատարելիք:

Share this Article
CATEGORIES