«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» – Լիբանանի Գարնանային 30-րդ Ռելի. Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Տիտղոսին

PROFOTO

PROFOTO

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, երէկ` կիրակի, 30 մարտին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի գարնանային 30-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ:

Անիկա տեղի ունեցաւ Ժիպէյլի շրջանին մէջ` մասնակցութեամբ 27 ինքնաշարժներու:

«Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-10» ինքնաշարժը վարող Ռոժէ Ֆըղալի իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ տիրացաւ տիտղոսին` արձանագրելով 59′ 14″ 5 արդիւնք մը, իսկ անոր կրտսեր եղբայրը` Ապտօ Ֆըղալի, որ իրեն օգնական ունէր Շարպել Քանաանը, հանդիսացաւ երկրորդ (1′ 00″ 09): Երրորդ դիրքը գրաւեց Նիքոլա Ամիունի, իր օգնականին` Շատի Պէյրութիի հետ (1′ 01″ 39): Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` «Քազինօ Տիւ Լիպանի» մէջ, ուրկէ տրուած էր ռելիին ազդանշանը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )