Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պըրժ Այնթուրա` 73-14
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 29 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 73-14 արդիւնքով յաղթեց Պըրժ Այնթուրայի` արձանագրելով իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 20-4, 9-1, 22-0 եւ 22-9:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լէյլա Ֆարես (14), ապա յաջորդաբար` Նաթալի Սվաճեան (11) եւ Ալիք Թապաքեան (9):
Նշենք, որ Ռիատի Պէյրութ իր կարգին արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը` 78-33 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մութթահետը` Սաֆատիի մարզահամալիրին մէջ իր կատարած մրցումին:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաջորդ մրցակիցն է Մութթահետ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 5 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Թրիփոլիի մէջ:

CATEGORIES Մարզական

