ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՀԱՐԻՐԻԻ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՅՆ ԿԸ ՄՂԷ ԻՆԾԻ ԴԷՄ ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ախպար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ արձանագրուած մագլցողական քայլերը գրգռութիւններ են` նկատի ունենալով, որ անոնք տիրող ներկայ հարցերուն համար յարմար լուծումներ չունին:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն ու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին ներքին լիբանանեան երկփեղկումը կ՛ուղղեն դէպի ուղղահայեաց բաժանում մը, որ շատ վտանգաւոր է եւ ամբողջ համայնք մը թիրախ կը դարձնէ:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն գրգռութիւնները կը հասնին մինչեւ իր համայնքը` նկատի ունենալով Մուսթաքպալ հոսանքին «դերակատարութիւն»ը Շուֆի մէջ:
Այս ծիրին մէջ տիւրզի ղեկավարը շեշտեց, որ գրգռիչ քայլերէն զանց կարելի չէ կացուցել նաեւ երեսփոխան Մարուան Համատէն, որուն հետ գժտութիւնը ամբողջական է եւ վերջնական:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ տիւրզի համայնքին դէմ անոնք կը խաղան խաղ մը, զոր ինք չի փափաքիր ստորին խաղ կոչել: «Անոնք կը փափաքին տիւրզի համայնքը իրեն դէմ լարել», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Սաատ Հարիրիի հետ իր յարաբերութիւնները վերջնականապէս խզուած են` աւելցնելով, որ Հարիրի երբեք իր հօր չի նմանիր, որովհետեւ Ռաֆիք Հարիրի իւրայատուկ օրինակ մըն էր եւ անոր հետ իր կապը կարելի է նշել միայն յիշատակներուն ընդմէջէն:

