ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՄԱՐՈՆԻ ՆՈՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՍԿՍԱՒ

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պքերքէ իր դռները փակեց եւ պաշտօնապէս սկսաւ մարոնի նոր պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթը:

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք այցելեց մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր հրաժարեալ պատրիարքին, որուն հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք Պքերքէ այցելած է շնորհակալութիւն յայտնելու Սֆէյր պատրիարքին` անոր տասնամեակներու ծառայութեան համար. ան նշեց, որ կեանքին մէջ մարդիկ կու գան ու կ՛անցնին, սակայն հաստատութիւնները կը մնան եւ հզօրութիւնը անոնց գոյատեւման մէջ կը գտնուի: «Այս առումով ոչ ոք կարիքը ունի բացատրելու, թէ Պքերքէ ի՛նչ խորհրդանիշ կը ներկայացնէ Լիբանանի եւ ամբողջ Արեւելքին համար», աւելցուց ան:

Զօր. Աուն մաղթեց, որ մարոնի եպիսկոպոսները Աստուծոյ կամքով ընտրեն նոր պատրիարքը:

Պատասխանելով ապազինման մասին հարցումի մը` զօր. Աուն յայտնեց, որ այդ մասին հիմնական երկու տեսակէտ կայ` շեշտելով, որ ներկայ հանգրուանին կարելի չէ այդ զէնքէն հրաժարիլ, որովհետեւ Լիբանան կը գտնուի բազմաթիւ վտանգներու առջեւ, միւս կողմէ, սակայն, ոչ ոք կ՛ընդունի, որ այդ զէնքը յաւիտեանս յաւիտենից պետութեան հակակշիռէն դուրս մնայ:

Զօր. Աուն նշեց, որ իր եւ Սֆէյր պատրիարքին միջեւ թիւրիմացութիւն չէր արձանագրուած, այլ երկուքը ունէին տարբեր կեցուածքներ, ինչ որ անպայման թշնամանք չի նշանակեր:

Share this Article
CATEGORIES