Քեսապի Հայերու Տուները Թալանողները Թրքերէն Կը Խօսին

«ՏԵՄՈՔՐԱԹ ՀԱՊԵՐ»

Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր լրատուամիջոցները աշխուժօրէն կը լուսաբանեն Քեսապի շուրջ վերջին իրադարձութիւնները: Մասնաւորապէս թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» լրատուական կայքը, յղում կատարելով քեսապահայերէ ստացուած տեղեկութիւններու` կը յայտնէ, թէ Քեսապէն հեռացած հայերու տուները թալանող յանցագործները թրքերէն կը խօսէին:

Թերթը ապա կը մէջբերէ Քեսապի բնակչուհի Անի Պոյմուշակեանի վկայութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ան հեռաձայնած է Քեսապի հայկական աւետարանչական եկեղեցի, ուր իրեն պատասխանած են թրքերէնով: Այլ հայու մը եւս թրքերէնով պատասխանած են, երբ ան Լաթաքիա հասնելէ ետք հեռաձայնած է Քեսապի իր բնակարանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES