«Ֆրանս 2» Կայանի Վաւերագրական Ժապաւէնը` Ցեղասպանութեան Մասին
Ֆրանսական «Ֆրանս 2» հանրային պատկերասփիւռի կայանը Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակին առիթով պատրաստած է վաւերագրական յայտագիր մը, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան:
Յայտագիրը մեծ ընդունելութիւն գտած է դիտողներու կողմէ. մօտաւորապէս 5 միլիոն 880 անձ դիտած է զայն:
Տեսանիւթին մէջ կը ներկայացուին «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»` Հայոց ցեղասպանութիւնը վաւերագրող լուսանկարներ:
Յայտագիրին ընթացքին կը նշուի, որ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս Ա. Աշխարհամարտի օրերուն իրագործուած են կոտորածներ, որոնց հեղինակներն են Թուրքիոյ իթթիհատական իշխանութիւնները. նաեւ կը շեշտուի, որ այս իրադարձութիւններուն առնչութեամբ միջազգային առաջին արձագանգը եղաւ մայիս 24, 1915-ին, երբ Ֆրանսա, Ռուսիա ու Բրիտանիա միացեալ յայտարարութիւն մը ըրին ու հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած բռնութիւնները բնորոշեցին որպէս «մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ ոճիր»` այդ յանցագործութեան պատասխանատու նկատելով թրքական կառավարութիւնը:
Հոն նաեւ կը նշուի, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ կ՛ապրէին աւելի քան 2 միլիոն հայեր, որոնցմէ մօտաւորապէս 1.5 միլիոնը սպաննուեցաւ 1915-1923, իսկ մնացեալ հատուածը կա՛մ բռնի կերպով իսլամացաւ, կա՛մ գաղթեց զանազան երկիրներ:

