Այցելութիւն Մուշ, Ցրօնք, Նորշէն, Առաք…

ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ

Karapet.0104«Մեր հայազգի բարեկամները արտօնութիւն ուզեցին եւ փութացին մզկիթ, օրուան հերթական նամազը (իսլամական աղօթք) կատարելու համար»

Հայ Ճարտարապետներու միութեան անդամներէն ճարտարագէտ Նազարէթ Պինաթլը, արուեստաբան Էլմոն Հանչեր, ճարտարապետ Ժան Կաւրիլոֆի եւ իր կնոջ ընկերակցութեամբ եռօրեայ այցելութիւն մը կատարեցինք դէպի Տարօն աշխարհ: Մտադրած էինք Մշոյ հայկական թաղամասի մէջ կատարուած փլուզումը տեղւոյն վրայ քննել եւ հանդիպիլ քաղաքապետին հետ: Չկայացաւ այս հանդիպումը, քանի որ քաղաքապետը կը բացակայէր քաղաքէն: Չկրցանք քննել նաեւ Քալէ Ալթը կոչեալ նախկին հայկական թաղամասին փլուզումը, քանի որ թաղի պատմական տուները հիմնայատակ փլուզուած եւ պատմական հայոց թաղը անհետացուած էր:

Առիթէն օգտուելով` շրջեցանք Մուշի մերձակայ գիւղերը: Առաջին հերթին այցելեցինք Ցրօնք, Նորշէն, Առաք գիւղերը: Թերեւս ընթերցողը դժուար հաւատայ, բայց այս գիւղերուն մէջ հանդիպեցանք բազմաթիւ հայերու: Զրուցեցինք անոնց հետ, յուզումնալից պահեր ապրեցանք, հիւրասիրուեցանք իրենց սեղաններուն: Այսպէս, սրճարանի մը մէջ շարունակուող մեր զրոյցը ընդհատուեցաւ հոճային էզանի կանչով (ԽՄԲ.- իսլամութեան աղօթքի հրաւէրի կանչը): Մեր հայազգի բարեկամները արտօնութիւն ուզեցին եւ փութացին մզկիթ` օրուան հերթական նամազը (իսլամական աղօթք) կատարելու համար: Մեզ ճանապարհելու համար մինչեւ օդակայան ընկերացան: Ցրօնք գիւղին մէջ կան Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիները: Անոնցմէ մին չորս պատերով ու տանիքով կանգուն է, իսկ միւսէն հետք իսկ չէ մնացած:

Նորշէնի մէջ հիացումով ու զարմանքով դիտեցինք ճարտարագիտական հրաշք մը հանդիսացող Պետրոսի ջաղացքը: Չկրցանք յաղթահարել մեր հետաքրքրութիւնը եւ տեղացիներուն դիմեցինք, որպէսզի բացատրեն ջաղացքի աշխատանքի դրութիւնը: Նորշէնն ալ ունեցած էր երկու եկեղեցիներ, ողղափառ Սուրբ Աստուածածինն ու կաթողիկէ Սուրբ Սոֆիան: Եկեղեցիներէն մին փլցուած ու տեղը մզկիթ կառուցուած է: Միւսը եւս` փլած: Այժմ գանձախոյզներու կողմէ կողոպտուած գերեզմանատան մէջ քանի մը շիրմաքարեր մնացած են մեր օրերուն: Նոյն օրը, երկու ժամ տեւող մագլցումէ մը ետք կը հասնինք Առաքելոց վանք, որուն մնացորդացը դեռ կը շարունակէ պատմութեան վկայութիւն բերել:

Երկրորդ օրը ուղղուած ենք բարձունքի վրայ բազմած Գոմեր գիւղի Սուրբ Աստուածածին վանքը: Տեղական բարբառով Տերա Սոր (Կարմիր եկեղեցի) կոչուած վանքէն երկար պատ մը եւ զանգակատան հիմքերը միայն մնացած են: Կը դժուարանանք եկեղեցւոյն վայրը ճշդելու: Նման պտոյտներու ընթացքին տեղեկացած էինք յատկապէս 1950-ական թուականներուն բազմաթիւ եկեղեցիներու փլուզման: Սակայն նոր լսեցինք, թէ Մեհմեթ Պելեք անուն կուսակալի պաշտօնավարութեան շրջանին վանքը քանդուած եւ այդ քարերով ալ կառուցուած է Մուշի դատարանը: Այցելեցինք այդ շէնքն ալ: Ուշադիր նայելով` կը նկատուին պատմական վանքին քարերը:

Մեր այցելութեան վերջին վայրը եղաւ ժողովուրդէն Չանկլի ալ կոչուած Սուրբ Կարապետ վանքի մնացորդացը: Պատմական վանքէն միայն պատ մը մնացած է մեր օրերուն: Իսկ սրբատաշ քարերուն կարելի է հանդիպիլ շրջակայքի բոլոր բնակարաններուն, նոյնիսկ մզկիթին վրայ:

«ԱԿՕՍ»

Share this Article
CATEGORIES