Քանատայի Դեսպանը Այցելեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ
Ուրբաթ, 28 մարտի երեկոյեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս պատրիարքին այցելեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլարի Չայլց-Էտըմզ: Հանդիպումին ներկայ եղան Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Սարգիս Նաճարեան: Աւելի քան ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ առաւելաբար Սուրիոյ իրավիճակին հետ առնչուած խնդիրներուն, եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մասնաւորաբար քեսապահայութեան տարահանութեան պայմաններուն եւ ողբերգական վիճակին վրայ, որ հետեւանքն է Թուրքիա-Սուրիա սահմանին թրքական կողմէն ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ 21 մարտի գիշերը Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումին: Յետադարձ ակնարկով մը ներկայացնելէ ետք Քեսապ հայաւանին պատմութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը հայութեան համար` հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ անկախ ահաբեկչական յարձակումին պատճառով Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայութեան մարդասիրական օգնութիւն կատարելու անհրաժեշտութենէն, ՄԱԿ-ի կառոյցները եւ մեծ տէրութիւնները պէտք է ազդու միջամտութիւններ կատարեն կանխարգիլելու համար նման յարձակումներու կրկնութիւնը, ապահովելու քեսապահայութեան անվտանգութիւնը եւ անոր վերադարձը իր բնօրրանը:
Քանատայի դեսպանը ուշադիր լսելէ ետք ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որոշ լուսաբանութիւններ տուաւ արծարծուած հարցերուն եւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ կողմէ ներկայացուած պահանջներուն հետապնդման եղանակներուն մասին:

