«Հորիզոն» Թմրամոլութեան Նախազգուշական Գրասենեակ. Հայկական Վարժարաններու 10-րդ Դասարաններու Աշխատանքային Սեմինար

ladoyan3103Շաբաթ, 29 մարտ 2014-ին «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու 10-րդ դասարաններու աշխատանքային սեմինար մը: «Հորիզոն» գրասենեակը ամէն տարի կը կազմակերպէ նշեալ սեմինարը` մասնակցութեամբ հայկական բոլոր վարժարաններուն: Այս տարի սեմինարը տեղի ունեցաւ «Հորիզոն» գրասենեակին մէջ` «Արին» կեդրոն, մասնակցութեամբ 10 հայկական վարժարաններու:

Սեմինարին բացումը կատարեց «Հորիզոն» նախազգուշական գրասենեակի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, որ արագ ակնարկ մը նետելէ ետք հիմնադրութենէն մինչեւ օրս գրասենեակին կատարած աշխատանքներուն, ընդգծեց սեմինարին կարեւորութիւնը եւ դպրոցներուն մէջ կատարուելիք նախազգուշական արշաւին անհրաժեշտութիւնը:

Բացման խօսքէն ետք սեմինարը իր աշխատանքին սկսաւ հետեւեալ օրակարգերով.

– Թմրամոլութեան երեւոյթի եւ հետեւանքներու խմբային քննարկում` «Ռեքուիեմ ֆոր է տրիմ» ժապաւէնին ներկայացման ընդմէջէն: Ժապաւէնը ներկայացուց եւ քննարկումը համադրեց Արա Գաւլաքեան:

– Տոքթ. Ռիթա Շահինեան տեղեկութիւններ փոխանցեց թմրեցուցիչներու գլխաւոր խումբերուն, մարդկային մարմինին վրայ իւրաքանչիւրին ժխտական ազդեցութեան եւ յառաջացուցած վնասներուն մասին:

– Գործնական աշխատանք այն մասին, թէ ի՛նչ ձեւերով կարելի է նախազգուշական աշխատանքներ ծրագրել եւ գործադրել վարժարաններուն մէջ: Սոյն աշխատանքը ներկայացուց եւ աշխատանքային խումբերը առաջնորդեց Իզապէլ Մաթոսեան:

– Զրոյց-վարժողական աշխատանք` «Ընկերային հմտութիւններու զարգացումը իբրեւ նախապայման` պատանիներու առողջ կազմաւորման» նիւթով, զոր ներկայացուց Ալին Նագգաշեան:

Սեմինարը ընթացաւ աշակերտներուն աշխուժ մասնակցութեամբ:

Սեմինարին մասնակցեցան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Հարպոյեան-Ս. Խաչ բարձրագոյն վարժարանը, Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան վարժարանը, դպրեվանքը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճը եւ Յովակիմեան-Դարուհի Յակոբեան վարժարանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES