ՌՈՒՍԻԱ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԲԵՒԵՌԻՆ ՄԷՋ ԻՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴԼԱՅՆԷ
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ Ռուսիա մտադիր է իր ներկայութիւնը ընդլայնելու Հիւսիսային բեւեռին մէջ:
«Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Ռուսիա անպայման պէտք է ընդլայնէ իր ներկայութիւնը Հիւսիսային Բեւեռի մէջ: Մենք պատրաստ ենք մեր օտարերկրացի գործընկերներուն եւ Հիւսիսային Բեւեռի շրջանի մեր դրացիներուն հետ երկխօսութիւն կատարելու: Բայց եւ այնպէս մտադիր ենք յստակ եւ հետեւողական կերպով պաշտպանել մեր սեփական աշխարհաքաղաքական շահերը», ըսած է Փութին:
CATEGORIES Միջազգային


