ԻՍՐԱՅԷԼ ՉԵՂԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ԶԻՆԱՄԹԵՐՔԻ ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՄԸ

Թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները` վկայակոչելով «Ինթելիճընս Օնլայն» կայքէջը, կը հաղորդեն, որ Թել Աւիւ չեղեալ յայտարարած է Անգարայի հետ կնքուած միլիոնաւոր տոլարներու հասնող սպառազինութեան վաճառքի վերաբերող համաձայնագիր մը:

Ըստ լրատուամիջոցներու տեղեկութեանց, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը թոյլատրած էր երկրի զինուորական արդիւնաբերութեան գործարաններէն մէկուն սպառազինութեան վաճառքի վերաբերեալ համաձայնութիւն կնքել թրքական կողմին հետ: Սակայն Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջամտած է եւ պահանջած, որ չեղեալ յայտարարուի նշեալ համաձայնագիրը:

 

Share this Article
CATEGORIES