Հրայր Կարապետեան ԱՊՀ-ի Եւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչներուն Ներկայացուց Քեսապի Վիճակը

Հրայր Կարապետեան
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանի խնդրանքով տեղի ունեցան հանդիպումներ ԱՊՀ միջխորհրդարանական Վեհաժողովի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Ալեքսէյ Սերկէեւի, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի պատասխանատու քարտուղար Փիոթր Ռիապուխինի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Յունաստանի գլխաւոր հիւպատոս Թէոտորոս Պիզաքիսի հետ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան նախագահող երկրին ներկայացուցիչ:
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը News.am-ին յայտնեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին Հրայր Կարապետեան կողմերուն ներկայացուց Սուրիոյ Քեսապ բնակավայրին մէջ յայտնի դէպքերուն վերաբերեալ Հայաստանի նախագահին ուղերձը եւ շարժառիթները:
Կողմերուն փոխանցուեցաւ, որ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ ահաբեկչական խումբերու գործողութիւններուն պատճառով Քեսապէն շուրջ 670 ընտանիքներ ստիպուած եղած են լքելու իրենց պատմական բնակավայրերը, թալանի ենթարկուած են անոնց տուները եւ պղծուած են եկեղեցիները: Փաստօրէն, պատմութեան մէջ երրորդ անգամն ըլլալով տուեալ տարածքին մէջ տեղի կ՛ունենան ցեղային զտումներ, որոնց անմիջական պատասխանատուն Թուրքիան է:
Յատկապէս կը մտահոգէ այն փաստը, որ իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշէմին:
Հանդիպման միւս կողմի ներկայացուցիչները նշեցին, որ իրենք եւս մտահոգ են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ընթացքէն եւ հայկական կողմին տագնապը կիսելով այդ մասին մանրամասնօրէն պիտի ներկայացնեն իրենց կազմակերպութիւններուն մաս կազմող կառոյցներուն եւ երկիրներուն:

