Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Ա. Տարելիցին Առիթով Բողոքի Երթ Դէպի Պռօշեան Գիւղ

Hratch-MouradianՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը այսօր կը կազմակերպէ բողոքի երթ դէպի Պռօշեան գիւղը: Երթը պիտի սկսի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնէն:

2 ապրիլ 2013-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ դաւադիր սպանութիւն` սպաննուեցաւ Հայաստանի քաղաքացի, ազատամարտիկ, դաշնակցական, համայնքի ղեկավար Հրաչ Մուրատեան:

Սպանութենէն տարի մը ետք տակաւին կը շարունակուի նախաքննութիւնը, տակաւին չեն պատժուած մեղաւորները: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը` սպաննուած ազատամարտիկ հերոսի գաղափարին եւ գործին իբրեւ ժառանգորդ, մտահոգուած է Հայաստանի մէջ տիրող անարդարութեան, անապահովութեան եւ անպատժելիութեան մթնոլորտով:

Ըստ Երիտասարդական միութեան հրպարակած հաղորդագրութեան, ազատ եւ անկախ Հայաստանի մէջ չեն կրնար տեղի ունենալ սպանութիւններ, չեն կրնար դաւադիր կրակոցով սպաննուիլ հերոսներ եւ ազատամարտիկներ:

Միութեան երիտասարդները յանձնառու են շարունակելու Հրաչ Մուրատեանի գործը եւ յիշեցնելու, որ դաւադիր կրակոցով խեղդուած ձայնը եւ ընդհատուած կեանքը հետեւորդներ եւ շարունակողներ ունի: Անոնք կը պահանջեն իրաւասու մարմիններէն շուտափոյթ կերպով գտնել բոլոր մեղաւորները եւ արդար դատավարութեան միջոցով համապատասխան գնահատականներ տալ:

Share this Article
CATEGORIES