Հայաստանի Կառավարութիւնը Անկարելի Կը Նկատէ Պարտադիր Կուտակային Համակարգի Գործադրութիւնը Յետաձգելը
Սահմանադրական դատարանը երէկ շարունակեց պարտադիր կուտակային համակարգի կարգ մը կէտերու սահմանադրականութեան քննութիւնը:
Կառավարութիւնը անկարելի կը նկատէ մէկ-երկու տարիով յետաձգել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրութիւնը:
Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան յայտնեց, որ գործադրութիւնը յետաձգելը շատ աւելի ծանր երեւոյթներու եւ իրավիճակի պիտի յանգեցնէ: Ըստ անոր, կայ կարելիութեան պատուհան, որ պիտի օգտագործուի` իրականացնելով այս լրջագոյն բարեփոխումները:
Սահմանադրական դատարանի այլ անդամ մը` Վլատիմիր Յովհաննիսեան նախարարին յիշեցուց, որ երբ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի անցման մասին օրէնքի սահմանադրականութեան հարց դրուեցաւ, հանրապետութեան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը խօսէին օրէնքին մէջ առկայ թերութիւններուն մասին, որոնք պէտք է վերցուին: Յովհաննիսեան Ասատրեանէն ուզեց յստակացնել, թէ որո՛նք են այդ խնդիրները, որոնք նաեւ Սահմանադրական դատարանին պիտի օգնեն իր որոշումը տալու: Ասատրեան յայտնեց, որ այս պահուն չունի այնպիսի գնահատական, թէ ո՛ր դրոյթները այսօր խնդրայարոյց են եւ պէտք է անոնց անդրադարձ կատարուի:
Սահմանադրական դատարանի անդամները երէկ նաեւ այլ հարց կը հետաքրքրէր` համակարգի գործադրութեան շուրջ ստեղծուած ընկերային այսպիսի բողոք կառավարութիւնը կանխատեսա՞ծ էր: Նախարար Արտեմ Ասատրեան իրավիճակը համապատասխան գնահատեց, որովհետեւ մեծագոյն խնդիրը այստեղ տեղեկութեան պակասն է:
«Դէմ եմ» շարժումը առաջնահերթ չի նկատեր կառավարութեան այն փաստարկը, թէ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակի համակարգը արդարութեան սկզբունք կը մտցնէ` մարդը կը ստանայ այնքան թոշակ, որքան կը կուտակէ աշխատանքի ընթացքին:
Ասիկա այն հիմնական փաստարկն է, որ Սահմանադրական դատարանին մէջ կը բերուի կառավարութեան կողմէ` իբրեւ այս համակարգի գործադրութեան գլխաւոր առաւելութիւն: (Երէկ Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի սահմանադրականութեան հարցով դատարանին մէջ կատարուող քննարկումներուն արդէն երկրորդ օրն էր: Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան պատասխանող կողմէն` Ազգային ժողովի պատգամաւոր Յակոբ Յակոբեանէն, Կեդրոնական դրամատան փոխնախագահ Ներսէս Երիցեանէն, Ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Արտեմ Ասատրեանէն կը փորձէ հասկնալ, թէ ի՞նչ արդարութեան մասին է խօսքը, եթէ նոր համակարգի գործադրութեամբ աշխատողներուն հարկային բեռը կ՛աւելնայ, իսկ գործատուները առհասարակ դուրս կը մղուին այս յարաբերութիւններէն:
– Դատական հոլովոյթին հետեւող «Դէմ եմ» շարժման ներկայացուցիչներէն քաղաքագէտ Դաւիթ Մանուկեան կառավարութեան մօտեցումը նոյնպէս անարդար նկատեց:

