«Քեսապ Պիտի Դիմադրէ Օսմանցիներուն Եւ Անոնց Ահաբեկիչներուն Յարձակումին» Կը Գրէ Զօր. Էմիլ Լահուտ

Զօր. Էմիլ Լահուտ

Զօր. Էմիլ Լահուտ

Լիբանանի նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ «Վոլթերնեթ» կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ, անդրադառնալով Քեսապի իրադարձութեանց, կը գրէ, որ օսմանականութեան հետեւորդներուն ահաբեկչութեան ճամբով դաւաճանութիւնը ժամանակաւոր յաղթանակ արձանագրեց Քեսապ գիւղաքաղաքին եւ անոր բնակիչներուն դէմ, որոնցմէ շատեր խաղաղասէր սուրիահայեր են, «համայնք մը, որ ենթարկուած է ջարդի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ կը կարծէինք բարեփոխուած է»:

«Սակայն Քեսապ պիտի դիմադրէ օսմանցիներուն եւ սպաննելու ու քանդելու մոլուցքէն տարուած անոնց ահաբեկիչներուն այս նոր նախայարձակումին», կը նշէ Լահուտ:

 

Share this Article
CATEGORIES