Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Ընդհանուր Դասադուլի Կոչ Կ՛ուղղէ

Խալիլ` սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին հետ հանդիպման ընթացքին
Խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին նախօրեակին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ, նախագահութեամբ` Հաննա Ղարիպի, այցելեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, ներկայութեամբ երեսփոխան Ալի Պեզզիի:
Նիստին ընթացքին Հասան Խալիլ հաստատեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պահանջներուն արդարացիութիւնը` ընդգծելով, որ ինք համաձայն է պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելման թղթածրարի վաւերացումին, անկախ ներդրումներու թղթածրարէն:
Հաննա Ղարիպ կոչ ուղղեց բոլոր ուսուցիչներուն, պետական պաշտօնեաներուն, սարակներուն եւ զինուորականներուն մասնակցելու Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կազմակերպած նստացոյցին, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 2 ապրիլին:
Միւս կողմէ, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն Տնտեսական խորհուրդներուն առարկութիւնները` աշխատավարձի յաւելումներուն գծով:
Իր կարգին, Տնտեսական խորհուրդներուն անունով խօսք առաւ Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Նահհաս, որ յայտնեց, թէ աշխատավարձերու յաւելումին պահանջը եւ անոր վաւերացումը պիտի մղէ, որ անձնական մարզի պաշտօնեաները եւս յաւելում պահանջեն, եւ անիկա պատճառ պիտի դառնայ երկրին տնտեսութեան չքացումին:
ՆՇԵՆՔ, որ սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին մաս կազմող սենտիքաներու այն ներկայացուցիչները, որոնք մաս կը կազմեն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու կուսակցութիւններուն, երէկ հրաժարեցան իրենց կուսակցութիւններէն` առ ի բողոք անոնց ցուցաբերած մերժողական կեցուածքին, յաւելումներու թղթածրարին նկատմամբ:

