Պասիլ Ընդունեց Թոմ Ֆլեչըրը

Պասիլ եւ Ֆլեչըր
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուուղ զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ բոլորը կը փափաքին, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնուի, որովհետեւ սուրիացի գաղթականները կը փափաքին իրենց տունդարձը, ինչ որ անկարելի պիտի ըլլայ` առանց ապահովական կայունութեան վերահաստատումին եւ անոնց տրամադրուելիք մարդասիրական օժանդակութեան:
Ֆլեչըր մտավախութիւն յայտնեց ցարդ Լիբանան հասած մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներուն իրականութեան առնչութեամբ` աւելցնելով, որ մինչեւ օրս Բրիտանիա մէկ միլիառ տոլարի օժանդակութիւն կատարած է սուրիացի գաղթականներուն:
Բրիտանիոյ դեսպանը վերահաստատեց, որ պահանջուածը Սուրիոյ տագնապին համար քաղաքական լուծում մըն է, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը ապահովել:

