Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Կը Խոստանան Այսօր Եւս Փակել Ճամբաները
Խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին նախօրեակին, Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները երէկ առաւօտեան Ելեկտրականութեան ընկերութեան շրջափակին մէջ կատարեցին բողոքի ցոյց մը եւ հրկիզեցին անիւներ` բողոքելով սարակներուն վերաբերող օրինագիծի մը դէմ:
Աւելի ուշ անոնք փակեցին նաեւ Քոռնիշ Նահրի ճամբան` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում:
Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի ուղղուեցաւ Ելեկտրականութեան ընկերութիւն, ուր յայտնեց, թէ իրենք տեղեակ են հարցէն, եւ կոչ ուղղեց խորհրդարանին սոյն հարցը քննարկելու` նկատի ունենալով անոր ընկերային երեսը եւ այդ իմաստով գոյութիւն ունեցող օրէնքները:
Սարակները պահանջեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի ներկայացուցած օրինագիծը բարեփոխումի ենթարկել:
Նշենք, որ սարակները կոչ ուղղեցին այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն աւելի մեծ թիւերով իջնելու փողոց եւ կատարելու բողոքի ցոյցեր` նկատի ունենալով, որ իրենց մասին խորհրդարանին քննարկելիք օրինագիծը օրակարգի առաջին կէտն է:
Սարակները հրկիզուող անիւներով փակեցին նաեւ Նապաթիէի, Սայտայի եւ Սուրի ճամբաները:
Քանաան Կը Պատասխանէ
Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք, Քանաան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համախմբումին նիստին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ սարակներուն հարցը:
Ան նկատել տուաւ, որ կարծէք արշաւը ստացած է այնպիսի բնոյթ, թէ այն օրինագիծը, որուն բարեփոխումը կը պահանջուի, միայն ինք վաւերացուցած է:
«Սակայն իրողութիւնը այդպէս չէ, այո՛, այդ օրինագիծը կը կրէ իմ ստորագրութիւնս եւ ես պատասխանատու եմ անոր: Սակայն իմ ստորագրութեանս կողքին կան նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմարի եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզիի ստորագրութիւնները», ըսաւ Քանաան` զարմանք յայտնելով, որ օրին` 2012-ին այդ օրինագիծը արդիւնք էր քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ քաղաքական համաձայնութեան:

