Ա. Նազարեան Ընդունեց Չինաստանի, Ռուսիոյ Եւ Բրիտանիոյ Դեսպանները

AN-E31march-14-(11)

Չինաստանի դեսպանը եւ Նազարեան

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ճիանկ Ճիանկը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու մօտիկ ապագային ծաւալելիք գործակցութեան մանրամասնութիւնները:

Ա. Նազարեան ստացաւ հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու համար յառաջիկայ սեպտեմբերին Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք ուժանիւթի յատուկ խորհրդաժողովի մը:

Նախարար Նազարեանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին:

Քննարկուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերը. այս առնչութեամբ նախարարը ստացաւ հրաւէր մը` մասնակցելու մայիսին տեղի ունենալիք ուժանիւթի միջազգային խորհրդաժողովին:

Ա. Նազարեան ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը:

Քննարկուեցան ուժանիւթի եւ քարիւղի վերաբերող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES