Կառավարութիւնը Որոշեց Վերանորոգել Եւ Երկարաձգել Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչներուն Պաշտօնավարութիւնը
Երէկ կէս գիշերին կառավարութիւնը աւարտեց իր նիստը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ ներկայացուց կառավարութեան որոշումները:
Կառավարութիւնը որոշեց վերանորոգել Կեդրոնական դրամատան 3 փոխկառավարիչներու նշանակումը, ինչպէս նաեւ վաւերացուց 4-րդ փոխկառավարիչին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
Կառավարութիւնը նաեւ որոշում տուաւ բջիջայինի «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններուն հետ համաձայնագիրներուն ժամկէտը երկարաձգելու մասին:
Կառավարութիւնը նաեւ որոշեց ընդունիլ սէուտական 3 միլիառ տոլարի դրամաշնորհը` յօգուտ լիբանանեան բանակին:
Նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ գումարեց իր երկրորդ ընթացիկ նիստը` ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 30 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն շրջագիծին մէջ կային քարիւղի մարզին վերաբերող որոշումներ, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլար քարիւղի եւ բնական կազի հանքերու պեղման աշխատանքը սկսելու նպատակով տարբեր ընկերութիւններուն համար նուազուրդը կատարել:
Օրակարգին վրայ նշուած էին նաեւ հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն նշանակումը, դատաւոր Սամիր Համմուտի նշանակումը իբրեւ ընդհանուր դատաւոր, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան չորս փոխկառավարիչներուն վերանշանակումը:
Նշենք, որ նիստէն շուրջ երեք ժամ ետք, նախարարներուն միջեւ արձանագրուեցաւ բանավէճ մը` ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն մէջ կատարուելիք նշանակումներուն պատճառով:
Նախարարաց խորհուրդին մէջ արձանագրուած բանավէճին պատճառով նիստը ընդմիջում մը արձանագրեց:
Անպաշտօն տեղեկութիւններ յայտնեցին, որ նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարեցին` լուծելու համար նշանակումներուն թղթածրարը:
Բանավէճին պատճառը այն էր, որ Հըզպալլայի նախարարը, ինչպէս նաեւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու շարք մը այլ նախարարներ պահանջած էին, որ նշանակումները մաս առ մաս չկատարուին, այլ` միացեալ ու ամբողջական դրութեամբ:
Կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին մաս կը կազմէր նաեւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին զինման նպատակով կատարուած երեք միլիառ տոլարի յատկացումը:
Կառավարութեան օրակարգէն ջնջուեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կառոյցի վերածելու կէտը` նկատի ունենալով, որ անիկա խնդրայարոյց եւ փշոտ հարցերէն մէկն է:
Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման ընդգծեց Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` յաջողեցնել կարենալու համար այդ ծրագիրին գործադրութիւնը:
Կառավարութեան ընդմիջուած նիստը վերսկսաւ ժամը 9:50-ին:

