Ուատի Հըմայտի Մէջ . Ականուած Ինքնաշարժի Մը Բացայայտում Եւ Վնասազերծում

Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Արսալի Հըմայտ հովիտին մէջ երէկ բացայայտուած է «Հոնտա Սի. Ար. Վի.» տիպի ինքնաշարժ մը, որուն մասին կատարուած ստուգումները հաստատած են անոր ականուած ըլլալու իրականութիւնը:

Բանակի անկարգելաւորներու զօրամասին կողմէ բացայայտուած ինքնաշարժը կարելի եղած է վնասազերծել բանակին սակրաւորներուն կողմէ եւ զայն փոխադրել այլ շրջան մը:

Բանակի հրամանատարութիւնը երեկոյեան ժամը 10:00-ին յայտնեց, որ ինքնաշարժը ականուած էր 200 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթով:

Share this Article
CATEGORIES