Ազգային Երկխօսութեան Նիստ. «Իսրայէլեան Սպառնալիքներուն, Ահաբեկչութեան Եւ Սուրիոյ Տագնապին Հետեւանքներուն Վտանգը Կ՛ենթադրէ Լիբանանի Պաշտպանութեան Ռազմավարութիւն Մը Մշակել»

Երկխօսութեան նիստէն պահ մը

Երկխօսութեան նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Պաապտայի նախագահական պալատի 22 նոյեմբերի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային երկխօսութեան նիստը, որ յատկանշուեցաւ քաղաքական հիմնական ուժերու բացակայութեամբ:

Նիստին ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի եւ Ֆուատ Սինիորա, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, երեսփոխան Միշել Մըր, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, երեսփոխան Ժան Օղասապեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի եւ Ֆայեզ Հաժ Շեհին:

Նիստէն բացակայեցան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:

Հակառակ արձանագրուած բացակայութիւններուն, Ազգային երկխօսութեան նիստը երկու ժամ տեւողութեամբ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը:

Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման ներկաներուն լսել տուաւ երկու վայրկեան տեւողութեամբ ձայնագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը միաձայնութեամբ վաւերացուած է:

20 սեպտեմբեր 2012-էն ի վեր, զանազան պատճառներով առկախուած Ազգային երկխօսութեան նիստը, որ երէկ վերստին գումարուեցաւ, եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն պատճառած հարցերուն եւ վտանգներուն, ինչպէս նաեւ արձանագրուող յարանուանական լարուածութեան եւ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին տրուած որոշումներուն յանձնառու չմնալուն, յատկապէս «Պաապտայի յայտարարութեան» գծով:

Նախագահ Սլէյման ներկայացուց նաեւ երկրին ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան իր պատկերացումը:

Ան դրուատեց Լիբանանի նկատմամբ միջազգային օժանդակութեան նպատակով կազմուած երկիրներուն խմբաւորումը եւ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու առումով անոնց որդեգրած կեցուածքները:

Նիստէն ետք նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.

1) Ողջոյն ազգային շահերու կառավարութեան կազմութեան,  հաստատում անոր արձանագրելիք յաջողութեան` երկրի հիմնահարցերուն լուծման առումով, ինչպէս նաեւ երկրին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտներու յարգում` պահպանելով Լիբանանի ժողովրդավարական աւանդը:

2) Դրուատիք Լիբանանի օժանդակութեան համար կազմուած միջազգային խմբաւորումին տարած աշխատանքին:

3) Հաստատում, որ Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան սպառնալիքները, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան իմաստով արձանագրուած յապաղումը, երկրին դէմ ծառացող ահաբեկչութիւնը, Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները եւ քաղաքացիներուն ձեռքին գտնուող զէնքի երեւոյթը կ՛ենթադրեն Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան մշակումը:

4) Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան քննարկումը կատարել` հիմնուելով հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած պատկերացումին վրայ:

5) Ընդգծել լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ մաղթել, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը իրենց մասնակցութիւնը բերեն Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստին:

Հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ ընդգծելով, որ Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի 5 մայիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES