Վալտես Ենթարկուեցաւ Յաջող Վիրաբուժութեան
Իր լուրը քաղելով Պարսելոնայի պաշտօնական կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը երէկ յայտնեց, որ ակումբին բերդապահ Վիքթոր Վալտես Օկզպուրկի մէկ հիւանդանոցին մէջ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան:
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին միջազգային բերդապահը ապաքինելու համար պէտք ունի նուազագոյնը 7 ամսուան:
Քաթալոնական ակումբին պատասխանատուները յայտնեցին, որ պատրաստ են ֆութպոլիստին հետ իրենց պայմանագրութիւնը երկարաձգել, եթէ պատահի, որ իր ստացած այդ վնասուածքին պատճառով ան յառաջիկայ ամրան ընթացքին չյաջողի այլ ակումբի մը միանալ:
32 տարեկան բերդապահը, որ «Լա լիկա»-ի 30-րդ հանգրուանին Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, այս տարեշրջանին 26 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացաւ 21 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

