«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պայէրն Միւնիխ Քառորդ Աւարտականի Հետաքրքրական Ճակատումներ
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ:
Մանչեսթըր Եունայթըտ այսօր բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ իր դաշտին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ պիտի հիւրընկալէ տիտղոսակիր Պայէրն Միւնիխը:
Գերմանական կազմը, որ արդէն իսկ ապահովեց «Պունտըսլիկա»-ի 2013-2014 տարեշրջանին տիտղոսը, առայժմ կը նկատուի դժուար պարտուող խումբ, նոյնիսկ իր երկրէն դուրս:
Դարձի մրցումին ինքզինք նեղ կացութեան դիմաց չգտնելու համար անգլիական կազմը ամէն գնով պէտք ունի յաղթանակի, եւ ատիկա` կոլերու մեծ տարբերութեամբ:
Նշենք, որ Եունայթըտի կազմէն պիտի բացակայի Ռոպին Վան Փերսի (վիրաւոր):
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք երկրորդ մրցումին, անիկա պիտի ըլլայ զուտ սպանական` նկատի ունենալով, որ Պարսելոնա «Նու Քամփ»-ի իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Նշենք, որ վերոնշեալ, ինչպէս նաեւ վաղը տեղի ունենալիք երկու մրցումները պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ստորեւ` քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պայէրն Միւնիխ
ՎԱՂԸ
Ռէալ Մատրիտ – Պորուսիա Տորթմունտ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Չելսի

