«Պայքաթոն – Թրիփոլի»-ն Տեղի Ունեցաւ Մեծաթիւ Մասնակցողներով

Կազմակերպութեամբ «Կրին Մայնտ» միութեան եւ գործակցութեամբ «Սոշըլ Ուէյ» ընկերութեան, Թրիփոլիի եւ Մինայի քաղաքապետութիւններուն, տեղական միութիւններուն եւ անշուշտ հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 30 մարտ 2014-ին, Լիբանանի երկրորդ մայրաքաղաքը նկատուող Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի իւրայատուկ օր մը (Պայքաթոն-Թրիփոլի)` «Թրիփոլին` խաղաղութեան քաղաք» անուան տակ:
Անոր ներկայ եղան բազմաթիւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հեննաուի, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, արդարադատութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, նախարարներ Մոհամետ Մաշնուք, Ռաշիտ Տըրպես, նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ, երեսփոխաններ Ռոպեր Ֆատել, Ղասսան Մուխայպեր, Մոհամետ Քապպարա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Մարզական այս օրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, երբ անոր մասնակցողները` աւելի քան 1300 երկսեռ մասնակիցներ, իրենց հեծանիւները ստանձնեցին ժամանման գիծէն:
Բոլոր մասնակցողներն ալ մեծ գոհունակութեամբ ընկալեցին այս մարզական օրը, որովհետեւ յաղթողներ կամ պարտուողներ չկային, այլ իրարու մօտ համախմբող մարզաձեւ մը, որ այս պարագային եղաւ հեծելարշաւը:

