ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԻՐԱՆ ՔԱԿ-Ի ԴԷՄ ՄԻԱՑԵԱԼ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինուորական թեւը եղող Ժողովրդական պաշտպանութեան ուժերու ներկայացուցիչը յայտնած է, որ թրքական եւ իրանեան բանակները 27 յունիսէն ի վեր ՔԱԿ-ի դէմ միացեալ գործողութիւն կը կատարեն:

Քիւրտ ներկայացուցիչը նշած է, որ ներկայիս թրքական եւ իրանեան բանակներու ստորաբաժանումները գործողութիւն կը կատարեն Հաքիարի նահանգի Շենտինլի շրջանին մէջ:

«Ֆըրաթ» նախապէս տեղեկացուցած էր, որ Իրան 10 հազար զինուոր տեղակայած է Հիւսիսային Իրաքի հետ իր սահմանին վրայ:

Նշենք, որ շաբաթներ առաջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վաւերացուցած է Իրանի հետ ստորագրուած «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան» մասին համաձայնագիրը, ըստ որուն, կողմերը այսուհետեւ կարելիութիւնը պիտի ունենան միացեալ ուժերով ՔԱԿ-ի դէմ անդրսահմանային գործողութիւններ կազմակերպելու:

 

Share this Article
CATEGORIES