ՍԱՐՔՈԶԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ֆրանսական Պրաքս քաղաքը այցելելու ընթացքին յարձակումի ենթարկուեցաւ:

Քաղաքացիներէն մէկը բռնեց անոր օձիքէն եւ քաշեց, սակայն Ֆրանսայի նախագահի թիկնապահները յաջողեցան երկվայրկեաններու ընթացքին ազատել Սարքոզին եւ ձերբակալել յարձակումը գործած 32-ամեայ ֆրանսացին, որ Լոթ-է-Կարոն շրջանի բնակիչներէն է եւ թատերական մարզի աշխատաւոր: Ան մօտակայ Ակեն քաղաքին մէջ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի:

 

Share this Article
CATEGORIES