«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒՍ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԶԻՍ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՔՀԱՆԼԸ

Թրքական դատարանի մը մէջ տեղի ունեցած է թուրք յայտնի գրող եւ իրաւապաշտպան Տողան Աքհանլըի աղմկայարոյց դատական գործին հերթական նիստը, որուն ժամանակ դատախազը դարձեալ պահանջած է այլախոհ մտաւորականը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտել:

Աքհանլը, որ 1991-էն ի վեր իր ընտանիքին հետ Գերմանիոյ մէջ կ՛ապրի, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշելէ ետք, թէ իր դէմ դատական հոլովոյթը Թուրքիան ամբողջ աշխարհին առջեւ ծիծաղելի դրութեան մէջ կը դնէ, ըսած է. «Շատ բան ունիմ ըսելիք Թուրքիոյ մէջ գործող իրաւական համակարգին մասին: Դատավարութիւնս կը շարունակուի ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ: Դատախազը կը շարունակէ դատավարութիւնս առանց որեւէ ապացոյց ունենալու, իսկ ատիկա Թուրքիան ծիծաղելի վիճակի մէջ կը դնէ: Տուեալ պարագային, եթէ կը համարձակին ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ այսպիսի քայլի դիմելու, ապա պիտի ըսեմ, որ դատախազը կը գործէ ոչ թէ իբրեւ իրաւաբան, այլ` իբրեւ քաղաքական գործիչ: Ինքզինք կը նկատէ իբրեւ քաղաքական բախման դերակատար»:

«Ի՞նչ քաղաքական բախումի մասին է խօսքը», հարցումին իբրեւ պատասխան թուրք գրողը նշած է. «Ես կը խօսիմ երկու նիւթերու մասին, որոնք Թուրքիոյ մէջ սուիններով կը դիմաւորուին: Առաջինը` ես ձախակողմեան գաղափարներու տէր եղած եմ: Եւ երկրորդը` 1915-ին տեղի ունեցած հայերու զանգուածային կոտորածներուն կու տամ «ցեղասպանութիւն» բնորոշումը եւ աշխուժ կերպով պայքար կը մղեմ, որպէսզի Թուրքիան ճանչնայ ցեղասպանութիւնը»:

Աքհանլը յայտարարած է, որ եթէ զինք դատապարտեն, ապա ինք Թուրքիա պիտի գայ եւ պիտի պահանջէ, որ զինք ձերբակալեն: «Ես դատարան ներկայանալու իրաւունք չունիմ. Թուրքիա մուտքս արգիլուած է: Ես Գերմանիոյ քաղաքացի եմ եւ կը գտնուիմ այդ պետութեան պաշտպանութեան տակ… Իսկ հակառակ ատոր, եթէ զիս դատապարտեն, պիտի գամ Թուրքիա եւ պահանջեմ կալանաւորել զիս»,  ըսած է Տողան Աքհանլը:

 

Share this Article
CATEGORIES