Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պզտիկ նուէր մը կրնաք ընել այսօր, որ կը բխի ձեր սիրտէն: Այսպիսի նուէր մը ընծայելու համար կարեւոր չէ առիթը կամ ժամանակը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տիրական ներկայութիւն եղէք: Օրը կամ ժամանակը հիանալի են երեւելու եւ հաստատելու ձեր ներկայութիւնը բոլորին: Օրը փառաւոր է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կերէք լաւ պայմաններու մէջ, այսինքն` առանց աճապարելու, որպէսզի ձեր կերածը լաւ մարսէք: Աճապարանքով կամ ոտքի վրայ ուտելը կը վնասէ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր սիրած անձերը համախմբեցէք լաւ ճաշի մը շուրջ: Առիթը յարմար է, նման առիթներ կորսնցնելը սխալ է: Ուրեմն միացէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ասպարէզին վերաբերեալ լաւ փոփոխութիւն մը պիտի ունենաք, ինչ որ շատ պիտի ուրախացնէ ձեզ: Այսպիսի վիճակներ ինքնավստահութիւն կը ներշնչեն: Ուրեմն ուրախ մնացէք եւ հետեւեցէք նոյն ճամբուն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պէտք է գիտնաք տէրը ըլլալ ձեր զգացումներուն, զսպել կարգ մը զգայնութիւններ, որպէսզի հանգիստ մնաք եւ զուր տեղ չխռովիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գործնական միջոցներու վրայ հակած էք ձեր աշխատանքը յառաջ մղելու համար: Պիտի կարենաք օրը դարձնել արդիւնաւէտ եւ օգտաշատ: Շարունակեցէք նոյն ուղղութեամբ եւ նոյն եռանդով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ամուսնական կամ ընկերովի կեանք մը վարելու միջոցին գնահատեցէք ինչ որ լաւ է եւ մի ծանրանաք, երբ թերութիւն մը տեսնէք: Այսպէս կը յաջողիք ձեր կեանքին մէջ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կանուխ արթնցէք, երկար մի մնաք անկողինին մէջ, որպէսզի ձեր առողջութիւնը կատարեալ ըլլայ: Գիշերներն ալ ուշ մի՛ քնանաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի ընթացքին պիտի մնաք ուրախ եւ ձեր շուրջիններուն հետ պիտի ունենաք հաճելի պահեր, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան յարկի տակ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր անցեալին մասին խօսեցէք ձեր սիրած անձերուն: Պիտի կարենաք նոր ծանօթացում մը հաստատել ինքնաճանաչման ճամբով: Մնացէք ընկերային եւ սիրով:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լաւ ներշնչուած էք, պիտի կարենաք արտայայտել ձեր մտածումները: Եթէ ունիք ընդդիմախօսներ, անոնք ոչինչ պիտի կարենան ըսել ձեր մասին:

Share this Article
CATEGORIES