50 Տարի Առաջ (2 Ապրիլ 1964)

Յիշատակի Պաշտամունք Պհամտունի
Արկածի Զոհերուն Դ. Տարելիցին Առիթով

1 ապրիլ 1960-ի Պհամտունի արկածի զոհերուն Դ. տարելիցին առիթով, չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 1964-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յիշատակի պաշտամունք:

Ներկայ էին Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ժողովրդային ցանկի երեսփոխանական թեկնածուներ Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան եւ Շարլ Սաատ:

Արկածեալ զոհերուն ծնողներն ու ազգականները լեցուցած էին սրահը:

Վեր. Տ. Խնդրունիի բացման խօսքէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան, վեր. Ֆէրիտ Ավտի եւ վեր. Կ. Թիլքեան:

Մէջ ընդ մէջ, գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Քեմանչիստ Ռուբէն, օր. Ալտըրմըշեան եւ Յովսէփ Տէր Կարապետեան, մեներգ, օրկի ընկերակցութեամբ Ռ. Թուզճեանի:

Յոտնկայս «Հայր մեր»-ի խմբերգէն ետք, վեր. Վ. Սալիպեանի աղօթքով վերջ գտաւ պաշտամունքը:

Այնուհետեւ, ներկաները իջան եկեղեցւոյ վարը գտնուող սրահը, ուր բեմի պատին վրայ զետեղուած 21 արկածեալներուն նկարները սրտայոյզ տեսարան մը կը պարզէին:

Զոհերու յիշատակը յաւերժացնող չորս յարկանի գեղակերտ շէնք մը պիտի կառուցուի, որ պիտի արժէ 110,000 լ. ոսկի:

Արդէն իսկ գոյացած է 23,000 լ. ոսկի:

Շարլ Սաատ յարգանքի քանի մը խօսք ընելէ ետք, 1500 լ.ոսկի նուիրեց շէնքի շինութեան ֆոնտին: Ժողովրդային ցանկի թեկնածումներուն կողմէ եւս նուիրուեցաւ 2000 լ.ոսկի:

Ընտրական Առաջին Կոչը

Հայ Ժողովուրդը Սիրով Ու Խանդավառութեամբ
Պիտի Ընդառաջէ Այս Կոչին

ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Փաղանգաւորներու կուսակցութեան գործակցութեամբ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանին մէջ կազմուած ցանկը, որ առանց որեւէ փոփոխութեան կը ներկայացնէ 1960-ի պատկերը, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ մամուլին եւ հրապարակ իջաւ յատկանշական կոչով մը, որ ուղղուած է ընտրաշրջանի քուէարկողներուն:

Կոչը առաջին հերթին շեշտը կը դնէ ազգային միութեան վրայ, զայն արդարօրէն նկատելով այս երկրի անկախութեան, կայունութեան եւ յառաջդիմութեան հիմքը: Նոյն ատեն, կ՛առաջադրէ զօրաշարժի ենթարկել ազգին բոլոր կենսունակ տարրերը` Լիբանանը հասցնելու համար արդիականութեան եւ յառաջդիմութեան:

Երկու հիմնական նպատակներ, որոնք շատ մօտէն կը խօսին հայ ժողովուրդի լայն զանգուածներու սրտին եւ կը հանդիսանան այս երկրի անկախութեան հանդէպ մեր օրինապահ քաղաքացիի դիրքին լաւագոյն արտայայտութիւնը:

Լիբանան բազմաթիւ անգամներ նորոգած է իր խորհրդարանը` սահմանադրական օրէնքին համաձայն: Երեսփոխանական ամէն ընտրութիւն կենսական շահագրգռութիւն կը յառաջացնէ ժողովուրդին մէջ եւ ասիկա բնական մէկ արտայայտութիւնն է քաղաքացիական գիտակցութեան տէր եւ ժողովրդավար ազատ կարգերու մէջ ապրող ազգերու համար: Որովհետեւ, իւրաքանչիւր երեսփոխան, որ աթոռ մը պիտի գրաւէ խորհրդարանին մէջ, ամբողջ չորս տարի պիտի դառնայ արտայայտիչը զինք ընտրող բազմութիւններու քաղաքական եւ ազգային ձգտումներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ, իրական ժողովրդավարութեանց մէջ, ընտրութիւնները եւ ցանկերու հակամարտութիւնը բուռն թափ կը ստանան: Ամէն հոսանք ու կազմակերպութիւն հետամուտ է ի՛ր ձայնը արժեցնելու:

Տարբեր է միայն բռնատիրական երկիրներու մէջ, ուր ժողովուրդը ոչ մէկ ազատութիւն ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու հանրային եւ պետական գործերու մէջ:

Լիբանանեան ազատ կարգերու ներքեւ, ժողովուրդը լայն իրաւունքներով օժտուած, պիտի կրնայ այս անգամ եւս արժեցնել իր քուէն` խորհրդարան ղրկելով տարրեր, որոնք այս երկրի անկախութեան եւ կայունութեան ախոյեանները կը հանդիսանան:

Դաշնակցութիւնը, իբրեւ հարազատ ներկայացուցիչը օրինապահ հայութեան, իր դերին ու առաքելութեան խոր գիտակցութեամբ, իջած է պայքարի ասպարէզ, հիմնական նպատակ ունենալով Լիբանանի բարգաւաճումն ու յառաջդիմութիւնը, նաեւ հայ ժողովուրդի բարօրութիւնը:

Վստահ ենք, որ մեր կուսակցութիւնը անգամ մը եւս բարձրաճակատ դուրս պիտի գայ ընտրութիւններէն, ինչպէս եղած է միշտ, ամէն անգամ որ ժողովուրդը իր ջախջախիչ քուէներով եկած է գնահատելու մեր կուսակցութեան հետեւած առողջ քաղաքականութիւնը:

Վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս, քաղաքացիական լրիւ գիտակցութեամբ, պիտի արդարացնէ իր ուժը` քանակով ու բարոյական արժէքով, զօրավիգ կանգնելով այս երկրի բարգաւաճման ու վերելքին ձգտող մեր թեկնածուներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES