Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել– Էմ. Թի. Էս.»-ը Կ՛աջակցի
Օթիզմէ Տառապող Մանուկներուն

IMG_9261Օթիզմի իրազեկման միջազգային օրուան ընդառաջ` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան 28 մարտին այցելած է օթիզմէ տառապող մանուկներուն համար նախատեսուած «Մանուկներու զարգացման միջազգային կեդրոն»:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կ՛աջակցի կեդրոն այցելող 3-12 տարեկան 30 սաներու: Օթիզմ ունեցող մանուկներուն կրթական աշխատանքը շատ դժուար եւ մեծ ներդրումներ պահանջող գործընթաց է, որովհետեւ իւրաքանչիւր մանուկի հետ կը տարուի անհատականացուած ուսուցում: Այդ նպատակով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը 2008 թուականէն ի վեր տրամադրած է աւելի քան 96 միլիոն դրամ, որուն շնորհիւ մանուկները կեդրոն կը յաճախեն անվճար:

«Մենք համոզուած ենք, որ դրական տեղաշարժ եւ առաջընթաց կարելի է արձանագրել, եթէ այս փոքրիկները զգան մեր հոգատարութիւնը, ուշադրութիւնը եւ աջակցութիւնը, ինչ որ ամէնէն կարեւորն է մանուկներու հետ աշխատելու ժամանակ: Մենք ուրախութեամբ կը համագործակցինք այս կեդրոնին հետ, ուր օթիզմէ տառապող մանուկները կը ստանան անհրաժեշտ հետեւողական մասնագիտական բուժում», դիտել տուած է Ռալֆ Եիրիկեան:

Կեդրոնի աշխատակազմը եւ հոն յաճախող մանուկներուն ծնողները կը վկայեն, որ տրուած յատուկ դասընթացքներուն շնորհիւ փոքրիկներուն մօտ նկատելի յառաջընթաց արձանագրուած է ո՛չ միայն ակադեմական գիտելիքներու ձեռքբերման մէջ, այլ նաեւ ինքնասպասարկման եւ ընկերային դառնալու առումով: Այդ մասին կը վկայեն մանուկներուն վարքագիծին մէջ նկատուող փոփոխութիւնները եւ մտաւոր ունակութիւններու զարգացումը: Կեդրոնի սաներէն 14-ը արդէն կը յաճախեն հանրակրթական դպրոց:

Նշենք, որ համագործակցութեան 7 տարուան ընթացքին «Մանուկներու զարգացման միջազգային կեդրոն»-ին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կողմէ կատարուած ներդրումներուն ընդհանուր գումարը կազմած է աւելի քան 96 միլիոն դրամ: Յիշեցնենք, որ կեդրոնը կրթական եւ բժշկական ծառայութիւններ կը մատուցէ օթիզմ եւ ընդհանուր զարգացման այլ խանգարումներ ունեցող մանուկներու:

Երեք Հեքթար Հող` ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿ–ին

0328scoutsՀայաստանի կառավարութեան ժողովին ընթացքին որոշում տրուեցաւ Երեւանի վարչական սահմանին մէջ գտնուող 3 հեքթար անտառային հող` անհատոյց օգտագործման իրաւունքով եւ անժամկէտ տրամադրել Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում (ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ) հասարակական կազմակերպութեան:

«Մենք պէտք է մեր գոհունակութիւնը յայտնենք այս կազմակերպութեան` նախապէս կատարած աշխատանքին համար», յայտարարած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Ան շեշտած է, որ` «ուսումնասիրելով անոնց փորձառութիւնը, այցելելով այդ ճամբարները, կը տեսնենք, թէ շատ ազգանուէր գործեր կը կատարեն, ուստի վստահ ենք, որ այս որոշումը ճիշդ է»:

Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին
Կազմակերպութեամբ`
Համաշխարհային Ա. Պատերազմին Նուիրուած Գիտաժողով

20-22 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակին: Գիտաժողովը կը կրէ «Առաջին Համաշխարհային պատերազմի Կովկասեան ճակատը: Ցեղասպանութիւն, գաղթականներ եւ մարդասիրական օգնութիւն» խորագիրը եւ կազմակերպուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ:

Թանգարանի հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ գիտաժողովին ընթացքին պիտի ներկայացուին զեկոյցներ հետեւեալ նիւթերով` պատերազմ եւ ցեղասպանութիւն, ռուս զինուորականները` իբրեւ ցեղասպանութեան վկաներ, զինուորական լուսանկարիչները եւ «Մոռցուած պատերազմի» Կովկասեան թատերաբեմի շարժապատկերի ժամանակագրութիւնը: Գիտաժողովին պիտի քննարկուին նաեւ հնագիտական եւ ազգագրական հետազօտութիւնները` Հայաստանի տարածքին, պատերազմի ընթացքին, մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ պիտի կատարուի ռազմագերիներու եւ անյայտ կորսուածներու կարգավիճակին եւ ճակատագիրին, պատերազմին եւ կամաւորական շարժման, մարդասիրական օգնութեան եւ գաղթականներուն, բարեգործութիւնը Կովկասեան ռազմաճակատներուն վրայ նիւթերով:

«Քեսապցիները Պէտք Է Վերադառնան Իրենց Բնօրրանը».
«Մուսա Լեռ» Հայրենակցական Միութեան Կոչը

Mousaler00325 մարտին Հայաստանի «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութիւնը կատարեց քննարկում մը` Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին, եւ հրապարակեց յայտարարութիւն մը` կոչ ուղղելով Հայաստանի իշխանութիւններուն` գործադրելու իրենց դիւանագիտական կարելիութիւնները եւ ապահովելու տարածաշրջանի հայերուն անվտանգութիւնը:

««Հայաստանի «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութիւնը անհանգստացած է Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապի եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակով: Նկատի ունենալով, որ անցած դարու սկիզբները մենք` մուսալեռցիներս ճաշակած ենք հայրենազրկման դառնութիւնը եւ անոր հետեւանքները, ամբողջ աշխարհի մուսալեռցիներուն անունով կը յայտնենք մեր աջակցութիւնը քեսապցի հայրենակիցներուն եւ կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն` գործադրելու իրենց դիւանագիտական կարելիութիւնները` ապահովելու տարածաշրջանի հայերուն անվտանգութիւնը եւ քեսապցիներուն վերադարձը իրենց հազարամեայ բնօրրան-բնակավայրերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Քննարկման մասնակցած են վարչութեան անդամները, ներկայ եղած է նաեւ Հայրենակցական միութիւններու խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Աւետիսեան:

Անդրադառնալով Քեսապի իրադարձութիւններուն` «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան նախագահ Պերճ Ղազարեան դիտել տուած է, որ անշուշտ Թուրքիան` իբրեւ տարածաշրջանի դրացի պետութիւն, իր շահերը ունի Սուրիոյ մէջ եւ գրոհայիններու հետ համագործակցութիւնը կրնայ ունենալ որոշակի հետեւանքներ: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ որեւէ լուծման պարագային չէզոք դիրքորոշում որդեգրած Քեսապի հայերը կարելիութիւն կ՛ունենան վերադառնալու իրենց տուները», նշած է ան:

Միութեան նախագահը նաեւ ըսած է, որ մուսալեռցիները եւ քեսապցիները կը հանդիսանան նոյն մշակոյթի կրողները, սակայն յայտնուած են տարբեր երկիրներու սահմանամերձ տարածքներու մէջ:

«Քեսապցիները կարելիութիւն ունեցած են մնալու իրենց բնօրրանին մէջ, իսկ մուսալեռցիներուն հիմնական մասը ստիպուած եղաւ լքել իր ծննդավայրերը: Գիտակցելով, թէ ինչ հետեւանքներ կ՛ունենայ հայրենազրկումը, մենք չենք ուզեր, որ քեսապցիները արժանանան նոյն ճակատագիրին», աւելցուցած է Պերճ Ղազարեան:

Անդրադառնալով Քեսապի հարցին գծով Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշման` միութեան նախագահը ընդգծած է, որ իրենք համակարծիք են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան:

«Հալէպ» Հայրենակցական Կազմակերպութիւնը
Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ Քեսապահայերուն

Հայաստանի մէջ հիմնադրուած «Հալէպ» հայրենակցական-բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն դրամական օգնութիւն պիտի տրամադրէ քեսապահայերուն:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին կազմակերպութեան արտաքին կապերու բաժնի տնօրէն Սարգիս Պալխեան նշեց, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին թրքական-սուրիական սահմանի մերձակայքը եւ Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող Քեսապ գիւղաքաղաքին վրայ կատարուած յարձակումները նաեւ իրենց կազմակերպութեան ուշադրութեան առարկայ դարձած են:

«Քեսապը դարերու ընթացքին հայկական գիւղ եղած է Սուրիոյ տարածքին, եւ բնականաբար Քեսապի բնակիչներուն հետ անմիջական կապի մէջ ենք եւ կը գիտակցինք անոնց դիմագրաւած դժուար պայմաններուն: Յառաջիկայ մէկ-երկու ամսուան ընթացքին կը ծրագրենք կազմակերպութեան միջոցով հաւաքուած գումարները փոխանցել Լաթաքիոյ Շտապ օգնութեան մարմինին, որպէսզի իրենք փոխանցեն Քեսապէն դուրս եկած սուրիահայերուն, որոնք տեղափոխուած են Լաթաքիա», յայտնեց Պալխճեան:

Անոր համաձայն` կամաւորներէ կազմուած «Հալէպ» կազմակերպութեան գլխաւոր նպատակն է մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել սուրիահայ բոլոր կարիքաւոր մարդոց:

«Մեր անդամները սուրիահայեր են, Սուրիոյ մէջ բաւական մեծ կապեր ունինք: Մեր կազմակերպութիւնը մարդասիրական ուղղուածութիւն ունի եւ քաղաքական բնոյթ չի կրեր: Նկատի ունենալով այն, որ մենք` սուրիահայերս Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներ ենք, եւ գիտակցելով, որ սուրիացի ժողովուրդը մեզ հիւրընկալած է Սուրիոյ մէջ, մենք որոշեցինք, որ սուրիացիները, իբրեւ թիրախ, անկախ անկէ` հա՞յ են, թէ՞ արաբ, մեր կողմէ օգնութիւն պիտի ստանան», յայտնեց Պալխճեան:

Յայտնենք, որ մարտ 26-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գերագոյն յանձնակատարը եւ «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական կազմակերպութիւնը նախաձեռնած էին համերգի` նուիրուած Սուրիոյ մայրերու տօնին:

Համերգին նպատակն էր յարգանքի տուրք մատուցել սուրիահայ մայրերուն` իրենց նուիրուածութեան, ազգային արժէքներու պահպանման, անսահման քաջութեան եւ համբերութեան համար:

«Լեւոն Շանթ» Թատրերգութեան
Մրցանակաբաշխութեան
13
Լաւագոյնները Մէկ Ժողովածուի Մէջ

0327Levon-ShantԺամանակակից հայ թատրերգութիւնը խթանելու միտումով, 2013 թուականի սկիզբը տեղի ունեցած «Լեւոն Շանթ» մրցանակաբաշխութեան 13 լաւագոյն թատերախաղերը տեղ գտած են հաստափոր ժողովածուի մը մէջ: «13 Պիես» ժողովածուն լոյս տեսած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հրատարակութեամբ: Գիրքի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին տարբեր ոլորտներ ներկայացնող արուեստագէտներ, մշակութային եւ հասարակական գործիչներ:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նշեց, որ ամէն անգամ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութենէն հրաւէր ստանալուն կ՛ակնկալէ, որ անիկա ըլլայ որեւէ հոգեւոր եւ խորքային իրադարձութեան առնչուող նախաձեռնութիւն:

«2012 թուականին, երբ Հայաստանը նշեց հայ գրատպութեան 500-ամեակը, աշխուժացան գրական գործընթացները` մեր ընթերցողին յանձնելով բազմաթիւ հետաքրքրական գիրքեր: Իսկ այդ գիրքերը ստեղծելու համար յաճախ երկար ճանապարհէ կ՛անցնին` մրցոյթներէ, ծրագիրներու ձեւով: Եւ այս շարքին մէջ այս մրցանակաբաշխութիւնը չափազանց կարեւոր է», յայտնեց Յ. Պօղոսեան` ընդգծելով, որ «Լեւոն Շանթ» մրցանակաբաշխութիւնը կը կամրջէ գրականութիւնը եւ թատրոնը:

Ան պարզ զուգադիպութիւն չնկատեց այն, որ այս իրադարձութիւնը տեղի կ՛ունենայ Թատրոնի միջազգային օրուան նախաշեմին:

«Մենք պէտք է արժեւորենք գրողը ո՛չ միայն իբրեւ գրականութեան ոլորտի մասնագէտի, այլեւ իբրեւ, առաջին հերթին, թատրոնի նախաստեղծողի: Այսօր չենք կրնար չյիշել, որ «Գլոբուս» թատրոնի ստեղծման նախապատճառը Շէյքսփիրն էր: Չենք կրնար չյիշել, որ ՄԳԱԹ-ը ստեղծեց Չեխովը. այս օրինակները բազմաթիւ են», յայտնեց նախարարը:

«Լեւոն Շանթ» մրցանակաբաշխութեան դատական կազմի անդամ Լիլիթ Գալստեան` ներկայացնելով կատարուած աշխատանքը, նշեց, որ ընդամէնը մէկ տարի առաջ յայտարարուեցաւ «Լեւոն Շանթ» մրցանակաբաշխութեան մասին:

«Մենք յայտարարեցինք մրցանակաբաշխութեան մասին` նպատակ ունենալով խթանել հայ թատերգութեան զարգացման ընթացքը, բացայայտել այս տեսակին մէջ ստեղծագործող նոր անուններ, հասկնալու, թէ մեր թատերգութեան ընթացքը ուր կ՛երթայ եւ, ի վերջոյ, հայ բեմին փորձել փոխանցել նոր հայեացքով, նոր ըսելիքներով թատերգութիւն», ըսաւ Լ. Գալստեան:

Անոր համաձայն, թատրոնը կը շարունակէ մնալ անկեղծութեան, մարդու հետ խօսելու ամէնէն ճշմարիտ առանցքը:

«Հայ թատրոնը նոյնիսկ պետականութեան բացակայութեան ժամանակներուն իսկապէս հաստատութենական դեր խաղացած է», նշեց ան:

Տիկնիկային թատրոնի տնօրէն Ռուբէն Բաբայեան նաեւ ըսած է, որ «Լեւոն Շանթ» թատերգութեան մրցանակաբաշխութիւնը հրաշալի նախաձեռնութիւն է, որ պէտք է շարունակութիւն ունենայ:

«Ամէն գործ արժէք կ՛ունենայ այն ատեն, երբ այդ գործին կեդրոնը` մարդն է», յայտնեց Բաբայեան` շնորհակալութիւն յայտնելով գործընկերներուն եւ կազմակերպիչներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ ժողովածուի հրատարակումը կ՛ըլլայ հետագայ աշխատանքին սկիզբը:

«13 Պիես» ժողովածուին մէջ ներառուած են Արտաշէս Արամի, Հրաչ Բեգլարեանի, Գարեգին Գրիգորեանի. Սամուէլ Խալաթեանի, Գուրգէն Խանճեանի, Կարինէ Խոդիկեանի, Սամուէլ Կոսեանի, Սուսաննա Յարութիւնեանի, Յուշիկ Ղազարեանի, Արտաշէս Շահպազեանի, Անոյշ Քոչարեանի, Արմէն Ճգնաւորեանի եւ Էլէոնորա Ներսիսեանի թատերախաղերը:

Ժողովածուն կազմած եւ խմբագրած են Լիլիթ Գալստեան եւ Ֆելիքս Մելոյեան: Նկարիչ-ձեւաւորողն է Մկրտիչ Մաթէոսեան:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան
Նախաձեռնութեանբ
Կայացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի Ծննդեան
145-
ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Kaloust-Gulbenian_145amiagՄարտ 23-ին լրացաւ հայազգի մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 145-ամեակը եւ այդ առիթով մարտ 21-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայ բարերարներու ճեմուղիին մէջ կայացաւ մեծ բարերարին յոբելեանին նուիրուած հանդիսութիւն մը:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Վազգէն Յակոբեան, Ֆրանսայի «Սիանս Պօ» քաղաքագիտութեան հիմնարկի մասնագէտ Ժիլպեր Տէրտէրեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեան եւ միւս ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ ճեմուղիի միւս մեծանուն բարերարներուն յուշակոթողներուն առջեւ:

Ողջունելով հանդիսութեան ներկայ հիւրերը, ուսանողութիւնը եւ դպրոցականները` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց այն հանգամանքը, որ մեծ տնտեսագէտին յաջողութիւնները իրապէս պայմանաւորուած եղած են անոր ունեցած համապարփակ գիտելիքներով: Գալուստ Կիւլպէնկեան` կրթութիւն ստանալով եւրոպական յայտնի համալսարաններու մէջ, կը տիրապետէր ութ լեզուներու: Հայազգի մեծ բարերարը հրաշալիօրէն գիտէր երկրագունդի տարբեր շրջաններու երկրաբանական եւ աշխարհագրական տուեալները, յատկապէս` քարիւղային քարտէսը:

«Կը կարծեմ, թէ մերօրեայ հայ գործարարները  պէտք է դասեր քաղեն մեր մեծ հայրենակիցին կեանքէն», ընդգծեց նախարար Յակոբեան` առանձնացնելով Կիւլպէնկեան մարդուն գիտելիքի ջատագով ըլլալը, սկսած աշխատանքը նուիրումով եւ մինչեւ վերջ հասցնելը, իր ազգին հանդէպ անսահման  նուիրումը եւ համայն մարդկութեան ծառայելու սկզբունքային մօտեցումները:

Հրանուշ Յակոբեան նշեց նաեւ այն փաստը, որ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած է կազմակերպութեան հիմնադիր Պօղոս Նուպար փաշայի մահէն ետք` 1906 թուականին:

Կիւլպէնկեան հայապահպանման անկիւնաքար կը համարէր հայաստանեայց  եկեղեցին, ուստի անոր բարեգործական ամէնէն մեծ  ներդրումները կապուած էին եկեղեցւոյ:

«Մենք պէտք է օրինակ առնենք Գալուստ Կիւլպէնկեանէն եւ անմար պահենք անոր անունը հայոց պատմութեան մէջ», այս տողերով եզրափակեց իր խօսքը  Հայաստանի սփիւռքի նախարարը:

Արժեւորելով տնտեսական գործիչին եւ նաւթարդիւնաբերողին տաղանդը` Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեան նշեց, որ նաւթարդիւնաբերութեան մէջ առաջին քայլերը Կիւլպէնկեան կատարած է մէկ այլ հանրայայտ նաւթարդիւնաբերողի` Ալեքսանդր Մանթաշեանցի` Պոլսոյ մէջ գտնուող քարիւղի գրասենեակին մէջ, իսկ «Նաւթային գլխաւոր կոմիտէ» կազմակերպութիւնը` Գ. Կիւլպէնկեանը ստեղծած է առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ:

Պատմաբանը ընդգծեց, որ Կիւլպէնկեանը նաւթարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ կրցած է ստեղծել հաւասարակշռութիւն եւ իր ձեռքին մէջ պահելով մեծ նաւթային ընկերութիւններու լծակները` հասած է մեծ յաջողութիւններու:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր  Էդուարդ Մելքոնեան նշեց, որ Կիւլպէնկեան կը տնօրինէր արուեստի արժէքաւոր հաւաքածոյի, ուր տեղ գտած էին մօտաւորապէս 6 հազար բարձրարժէք  նմուշներ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեանը` սփիւռքի մէջ գործող անուանի հայրենակիցներուն կեանքը եւ գործունէութիւնը գնահատելուն եւ մնայուն ուշադրութեան դարձնելուն համար` ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Վազգէն Յակոբեան արժեւորեց մեծ բարերարին աւանդը` Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայութիւնը Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ եւ Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ տեղաւորելու իմաստով:

Ֆրանսայի Էքս-Ան-Պրովանսի «Սիանս Պօ» քաղաքագիտութեան հիմնարկի մասնագէտ Ժիլպեր Տէրտէրեան նշեց, որ իր երկու զաւակներն ալ Ֆրանսայի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած են Գալուստ Կիւլպէնկեանի  անուան կրթաթոշակին շնորհիւ:

Ելոյթ ունեցան Հալէպի մէջ ծաւալած պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով Հայաստանի մէջ հաստատուած եւ Հայաստանի պետական համալսարաններու մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացող ուսանողներ  Նարեկ Չաղլարեան եւ Նուշիկ Թիւթիւնճեան, որոնց ուսման թոշակները նոյնպէս վճարուած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի օգնութեամբ:

Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով մեծ բարերարին կեանքին եւ գործունէութեան մասին ուշագրաւ դրուագներ պատմող համարներով ելոյթ ունեցան Երեւանի Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան համար 190 աւագ դպրոցի սաները:

Հայրենիքի մասին բանաստեղծութիւններու գեղեցիկ ասմունքով հանդէս եկան «Մեսրոպ Մաշտոց» խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները` Նատիա Անտոնեանի ղեկավարութեամբ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES