ՀՅԴ- ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղի Նախկին Եւ Նոր Անդամներու Խրախճանք
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 29 մարտ 2014-ին տեղի ունեցաւ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի նախկին եւ ներկայ անդամներու խրախճանք մը «Լա Պարաքա» ճաշարանին մէջ: Խրախճանքին ներկայ էին աւելի քան 200 «արաբօ»-ականներ: Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Ցողեր Յովհաննէսեան, որ բոլորին բարի գալուստ եւ հաճելի պահեր մաղթեց: Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան, որուն խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ «Արաբօ» մասնաճիւղի աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը: Խրախճանքին 3 երգերով ելոյթ ունեցաւ «Արաբօ» մասնաճիւղի նախկին անդամներէ բաղկացած նուագախումբ մը:
Խրախճանքը խանդավառեց երգիչ Անդօ Մարտիրոսեան, մասնակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանի: Իսկ յեղափոխականներ երգերով ելոյթ ունեցաւ Սերոբ Յակոբեան: Ներկաները մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը պարեցին եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ: Այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի նախկին անդամներուն վերյիշելու ԼԵՄ-ի մէջ ապրած իրենց տարիները եւ հաստատելու, որ «Արաբօ» մասնաճիւղի ներկայ անդամներ կը շարունակեն իրենց սկսած աշխատանքը:

