Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրէնքներ` Յետաձգելով Սարակներուն Վերաբերող Օրինագիծին Քննարկումը

Խորհրդարանի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նիստէն պահ մը

Նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 10:45-ին գումարեց օրէնսդրական իր լիագումար նիստը, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամ:

Տասը ամսուան «դադար»-է մը ետք խորհրդարանը 70 օրինագիծեր պարունակող օրակարգի քննարկումը կատարեց առաւօտեան եւ երեկոյեան նիստերով:

Առաւօտեան նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց ընտանեկան բռնութիւնը արգիլող օրինագիծը, սակայն մասնակի կերպով, անկէ դուրս ձգելով որոշ կէտեր:

Այս մասին երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Սամի Ժեմայէլ եւ Սթրիտա Ժահժահ ցաւ յայտնեցին` ընդգծելով սակայն, որ խորհրդարանին առած քայլը տեսակարար է, այն իմաստով, որ օրինագիծին որդեգրումը մասնակի նուաճում մը կը նկատուի:

Նոյն երեսփոխանները ընդգծեցին, որ անիկա կը նկատուի նախաքայլ մը, որուն հիման վրայ կարելի է շարունակել այլ օրինագիծերու վաւերացումը` զայն ամբողջական դարձնելու նպատակով:

Խորհրդարանը երկար եւ սուր քննարկումներէ ետք վաւերացուց նաեւ վարձքերու յատուկ թղթածրարը:

Երեկոյեան նիստը տեղի ունեցաւ ժամը 5:00-ին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ սարակներուն վերաբերող օրինագիծին բարեփոխուած տարբերակը` նկատի ունենալով, որ անիկա առաւօտեան նիստէն յետաձգուած էր երեկոյեան նիստին:

Նշենք, որ առաւօտեան այդ օրինագիծին մասին արձանագրուած բանավէճին եւ խորհրդարանէն դուրս ընթացող սարակներուն բողոքի նստացոյցին լոյսին տակ, Պըրրի կազմեց յանձնախումբ մը, որուն մաս կազմեցին տարբեր երեսփոխանական պլոքներու անդամներ, ինչպէս` Ալի Պեզզի, Ալի Ամմար, Իպրահիմ Քանաան, Ժորժ Ատուան, Սամի Ժեմայէլ, Մոհամետ Քապպանի եւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի:

Այս միջոցին դիմուեցաւ նաեւ այն պատճառով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, թէ նման օրինագիծերու վաւերացումը անկարելի է ճնշումի բանեցումով կատարել:

Յանձնախումբին պարտականութիւնն էր յանգիլ այնպիսի օրինագիծի մը, որ միջին լուծում կարենայ ապահովել սարակները հաստատ պաշտօնեաներու վերածելու առումով գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր օրինագիծերուն միջեւ:

Երեկոյեան ժամը 8:25-ին Պըրրի յայտարարեց խորհրդարանի նիստին աւարտը, երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով, իսկ սարակներուն յատուկ օրինագիծին քննարկումը յետաձգուեցաւ այսօրուան:

Յետաձգումին պատճառով մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:30 Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ գտնուող սարակները շեշտեցին, որ այսօր առաւօտեան իւրաքանչիւրը իր կեդրոնին մէջ պիտի կատարէ նստացոյց մը` փակելով Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը:

Սարակները Նստացոյց Մը Կը Կատարեն

Մինչ օրէնսդրական առաւօտեան նիստը իր բնական ընթացքով կը շարունակուէր Նըժմէ հրապարակին վրայ, սարակներուն կողմէ գործադրուած բողոքի նստացոյցը աւելի թէժ մթնոլորտ կը ստանար` հասնելով խորհրդարանին ապահովութեան հսկող ուժերուն հետ հրմշտուքի եւ ապա բախումի, որուն պատճառով ապահովութեան ուժերուն կողմէ քանի մը սարակներ խոշտանգուեցան:

«Քաֆա» Միութեան Բողոքի Ցոյցը

Սարակներուն կողքին ԷՍՔՈՒԱ-ի պարտէզին մէջ բողոքի ցոյց մը կատարեց նաեւ «Քաֆա» միութիւնը, որ պահանջեց ընտանեկան բռնութիւնը արգիլող օրինագիծը վաւերացնել:

Միութեան ցոյցին մասնակիցները մէկ կողմէ հաստատեցին, որ անհրաժեշտ է անպայման առաջադրուած օրինագիծը ամբողջական կերպով վաւերացնել` նկատի ունենալով այդ հարցին ամբողջական ըլլալու իրականութիւնը, սակայն միւս կողմէ ուրիշներ նախատեսեցին, որ խորհրդարանը մասնակի կերպով վաւերացնէ այդ օրինագիծը:

 

Share this Article
CATEGORIES