Բանակը Սկսաւ Թրիփոլիի Մէջ Գործադրել Ապահովական Ծրագիրը

Army-Tripoli-0104Լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թրիփոլիի մէջ սկսաւ գործադրել կառավարութեան վաւերացուցած ապահովական ծրագիրը:

Իր կատարած ներխուժումներուն ընթացքին, բանակը ձերբակալեց 75 օրինազանցներ, որոնցմէ 27-ն սուրիացիներ եւ պաղեստինցիներ:

Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը զէնքեր գրաւած է, ինչպէս նաեւ ձերբակալումներ եւ խուզարկումներ կատարած Ժապալ Մըհսենի, Մաշարիհ Հարիրիի, Պաքքարի, Նաամանիի, Պապ Հատիտի, Ամրիքանի, ներքին շուկաներուն, Ռիվայի, Քըպպէի եւ Պապ Ռամլի մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակը վերջ տուաւ զինեալ բոլոր երեւոյթներուն, ինչպէս նաեւ աւազապարկերէ կառուցուած պատնէշներուն եւ ճամբու արգելքներուն:

Բանակը ներխուժեց նաեւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտի վիլլան, ուր ոչ ոք կը գտնուէր:

Բանակը այդ վիլլային մէջ գրաւեց քամերաներ եւ անթել հաղորդակցութեամբ գործող սարքեր:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ այդ կուսակցութիւնը կը զօրակցի բանակին, ինչպէս նաեւ աւելցուցին, որ Ռիֆաաթ Իտ տակաւին կը գտնուի Ժապալ Մըհսենի մէջ:

Միւս կողմէ, բանակը մուտք գործեց նաեւ կարգ մը շրջաններ, ուր որոնեց զինեալ տարբեր ճակատներուն պատասխանատուները, որոնց շարքին` Զիատ Ալուքի:

Բանակը ներխուժեց նաեւ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոքի բնակարանը, որ դատարկ էր:

Կը նախատեսուի, որ բանակը այսօր եւս շարունակէ ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը եւ մուտք գործէ Պապ Թըպպանէ, ուր երէկ բողոքի ցոյց մը կատարուած էր բանակին դէմ:

Ցոյցին մասնակիցները հաստատած էին, որ իրենք միայն Աստուծոյ առջեւ կը խոնարհին:

Պէտք է նշել սակայն, որ Թրիփոլիի մէջ ընդհանուր հանգստութիւն կը տիրէ` բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ պարտադրուելիք կայունութեան եւ զինեալ բախումներուն կասեցումին նկատմամբ:

Բայց եւ այնպէս պէտք է նաեւ աւելցնել, որ նախքան ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը արձանագրուած զգուշացումներուն իբրեւ հետեւանք, մեծ թիւով զինեալներ ու յանցագործներ լքած են Թրիփոլին եւ փախուստ տուած շրջանէն:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրին յայտնեց, որ ապահովական այդ ծրագիրին նպատակը կողմնակալութիւն կատարել չէ` աւելցնելով, որ ապահովութիւնը խախտող իւրաքանչիւր կողմ հաշուետուութեան ենթակայ է:

Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրին ամէնէն ծիծաղելի բաժինը այդ է, որ ան դէպի Թրիփոլի ուղղուելու մասին զգուշացուցած է եւ կանխաւ տեղեակ պահած զինեալ ճակատներուն պատասխանատուները:

 

Share this Article
CATEGORIES