Ա. Նազարեան Ընդունեց Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Դեսպան Հէյլ, Հոքսթայն եւ Նազարեան
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ուժանիւթի հարցերով օգնական Ամոս Հոքսթայնը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ուժանիւթի եւ քարիւղի վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նշենք, որ Հոքսթայն նախարար Նազարեանի ներկայացուց շրջանին մէջ իր առաքելութեան մանրամասնութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

