Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Օպէյտը, Պուէյզը Եւ Քըրթպաուին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր առաւօտեան Պքերքէի մէջ պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան ազգային եւ կրօնական հարցեր:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ժան Օպէյտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Ֆարես Պուէյզ եւ Շաքիպ Քըրթպաուի:

Share this Article
CATEGORIES