Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կը Ժամանէ Լիբանան

Սլէյման - Փինոթթի հանդիպումէն պահ մը

Սլէյման – Փինոթթի հանդիպումէն պահ մը

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն եւ պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Պաապտայի մէջ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ 10 ապրիլին լիբանանեան բանակին զօրակցութեան նպատակով տեղի ունենալիք թեքնիք խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին նախապատրաստական աշխատանք պիտի կատարուի Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ յունիսին տեղի ունենալիք իսկական խորհրդաժողովին համար:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Փինոթթին, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ Իտալիա կը շարունակէ զօրակցիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, կ՛օժանդակէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուած մարդասիրական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի անկախութեան, ազատութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան նկատմամբ յանձնառու կը մնայ:

Ան շեշտեց, որ ինք պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող իտալական ու տարբեր երկիրներուն զօրամասերուն շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ` սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ տիրող խաղաղութեան համար:

Փինոթթի ընդգծեց լիբանանեան բանակին հզօրացման նպաստելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ բանակն է, որ կ՛երաշխաւորէ երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Փինոթթի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող հարցեր:

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ փոխադարձ ռազմափորձեր կատարելու հեռանկարները:

Փինոթթի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանան, ուր ստուգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասին դիրքերը, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ:

Share this Article
CATEGORIES