Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններու Սակերու Նուազում
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախարարութեան կողմէ որդեգրուած են շարք մը դասաւորումներ, որոնց նպատակն է բարելաւել հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն որակն ու հաղորդակցութեան մարզի ծառայութիւնները:
Հարպի կողմէ տրուած երկու որոշումներուն համաձայն, «Թելեքարթ»-ի եւ «Քալամ»-ի դրութեամբ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները յիսուն առ հարիւրով պիտի նուազին սովորական հեռաձայնային հաղորդակցութեանց պարագային, ինչպէս նաեւ երեսուն առ հարիւրով պիտի նուազին` բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութիւններուն պարագային:
«Այլ խօսքով, հեռաձայնային սովորական հաղորդակցութեան մէկ վայրկեանին սակը 100 լ. ոսկիի փոխարէն 50 լ. ոսկի պիտի ըլլայ, իսկ բջիջային հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէկ վայրկեանին սակը 300 լ. ոսկիի փոխարէն 200 լ. ոսկի պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:
Հարպ աւելցուց, որ միջազգային հեռաձայնային հաղորդակցութեան պարագային սովորական եւ բջիջային հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մէկ վայրկեանը առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 600 լ. ոսկիի փոխարէն 300 լ. ոսկի պիտի ըլլայ, իսկ երեկոյեան ժամը 10:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 7:00 400 լ. ոսկիի փոխարէն 200 լ. ոսկի պիտի ըլլայ:

