Անդրադարձ. Թուրքիոյ Քաղաքական Անկայունութիւնը Պիտի Շարունակուի

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

30 մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնցմէ անվիճելի կերպով յաղթական դուրս եկաւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, որուն ղեկավարը` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, նոյն գիշեր իր յաղթանակը յայտարարեց: Ան Անգարայի մէջ իր կուսակցութեան կեդրոնատեղիի պատշգամէն իր արտասանած խօսքին մէջ ակնարկելով Կիւլենի շարժումին խոստացաւ, որ «իրենց որջերը պիտի մտնենք», եւ շարժումին անդամները իրենց կատարած բացայայտումներուն «գինը պիտի վճարեն»: Ինչ որ յստակ կը դարձնէ, որ Էրտողանի կողմէ չափաւորական ընթացքի մը որդեգրումն ու թրքական ներքին քաղաքական կեանքի մէջ կայունութեան հաստատումը բացառուած է, մանաւանդ որ օգոստոսին նախագահական ընտրութիւն, իսկ 2015-ին խորհրդարանական ընտրութիւններ նախատեսուած են: Աւելի՛ն, ընտրութիւններու արդիւնքը Կիւլենի շարժումին համար ծանր պարտութիւն մըն էր, սակայն արգելք պիտի չըլլայ, որ շարժումը յաւելեալ գայթակղութիւններ եւ գաղտնալսումներ բացայայտէ:

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնը 2 հանգրուաններէ բաղկացած է` 50 առ հարիւր+1 սկզբունքով: Նկատի ունենալով, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընթացքին անոր կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 46 առ հարիւրը, նախագահութեան թեկնածու Էրտողան անկասկած պիտի ապահովէ 2-րդ հանգրուանի իր տոմսը, սակայն այդ աթոռը ապահովելու համար կարիքը ունի դաշնակիցներու: Ամէնէն հաւանական ընտրանքը քիւրտերն են, որոնք ընտրութեան ընթացքին լաւ արդիւնք մը ձեռք ձգեցին: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Պոլսոյ, Անգարայի, Իզմիրի, Ատանայի, Ալեքսանտրէթի, Մերսինի եւ Էրզրումի մէջ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան միջեւ ընտրական գործակցութիւն տեղի ունեցած է: Այս բոլորը ենթադրել կու տան, որ քրտական հարցին լուծման հոլովոյթին մէջ առնուազն որոշ յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրուի: Ուստի զարմանալի չէր, որ Էրտողան իր արտասանած «պատշգամի ճառ»-ին մէջ նշեց. «Այսօր… (քրտական հարցի) լուծման հոլովոյթը յաղթեց, ազգային միութեան եւ եղբայրութեան հոլովոյթը յաղթեց»:

Այստեղ փակագիծ մը բանալն ու նիւթէն շեղիլը հրամայական է: Անգամ մը եւս վկայութիւն տրուեցաւ այն մասին, որ Թուրքիոյ քրիստոնեայ ազգային փոքրամասնութիւնները նշեալ «ազգային միութեան եւ եղբայրութեան հոլովոյթ»-ին մէջ նկատի չեն առնուած: Էրտողան իր ճառին մէջ նշեց. «Մենք ըսած ենք մէկ ազգ` թուրքերուն, քիւրտերուն, լազերուն, կովկասցիներուն, աբխազներուն եւ ռոմաներուն հետ: Թուրք մը թուրք ըլլալուն համար չեմ սիրեր, քիւրտ մը քիւրտ ըլլալուն համար չեմ սիրեր: Զանոնք կը սիրեմ, որովհետեւ Ալլահը, որ զիս ստեղծեց, 77 միլիոն ժողովուրդը ստեղծած է: Մենք խտրութիւն չենք կատարեր»: Հակառակ այս պնդումին, ան իր խօսքին մէջ չնշեց հայերը, յոյները, ասորիները եւ հրեաները, որոնք եղած են, են եւ պիտի շարունակեն մնալ, լաւագոյն պարագային, Թուրքիոյ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ:

Էրտողանի խօսքին մէջ գոյութիւն ունի այլ ուշագրաւ բացթողում մը: Ան ողջունեց Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Պաղեստինի, Պալքաններու, Պոսնիոյ, Մակեդոնիոյ եւ Քոսովոյի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան «յաղթանակին համար աղօթած» «եղբայրները», սակայն «մոռցաւ» նշել Ազրպէյճանի եղբայրները: Պատճառը այն է, որ Կարսի Ազրպէյճանի հիւպատոսարանը տեղւոյն եւ Իգտիրի մէջ ծաւալած ընտրարշաւին ընթացքին մեծ գումարներ ներդնելով` աջակցած էր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան:

Թուրքիոյ մէջ տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն արդիւնքը եւ Էրտողանի արտասանած ազգայնական, նոր օսմանական եւ կրօնական շեշտադրումներ ունեցող ճառը ցոյց կու տան, որ ան նոր օսմանականութենէն չէ հրաժարած եւ վերանորոգ թափով զայն պիտի հետապնդէ, եթէ օգոստոսին նախագահ ընտրուի: Ան իր ընտանիքի անդամներուն, ներառեալ` գայթակղութեանց մէջ ներքաշուած որդիին` Պիլալի եւ դստեր` Սիւմէյյէի կողքին կանգնած յայտարարեց. «Թուրքիա անպարտելի է», ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ան արձանագրուած յաղթանակէն գինովցած աւելի ամբարտաւան պիտի դառնայ, իսկ անոր քաղաքականութիւնը` աւելի անձնակեդրոն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES