Չորս Ոչ Իշխանական Կուսակցութիւնները Քննարկեցին Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Հոլովոյթը

Armen-RustamyanՆախորդ շաբաթ Ազգային ժողովի աւանդական հարցում-պատասխանի ընթացքին, Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Բաբայեան շարք մը ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած էր: Ան յայտնած էր, որ եթէ քաղաքական մեծամասնութիւնը փոփոխութիւններ չկատարէ, ապա ոչ իշխանական չորս ուժերուն յաջորդ քայլերը պիտի ըլլան արմատական, այսինքն` պիտի կազմակերպուին եւ իրականացուին մեծածաւալ հանրահաւաքներ Երեւանի փողոցներուն եւ հրապարակներուն վրայ:

«Մենք շատ լաւ գիտենք քայլերու յաջորդականութիւնը 28 ապրիլէն ետք, ահա թէ ինչու իշխանութիւնները պէտք է ճիշդ եզրակացութիւններ ընեն եւ խուսափին պատնէշներէն, ցնցումներէն եւ անիմաստ թշնամանքէն», ըսած էր պատգամաւորը:

Այս ծիրին մէջ, երէկ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւններուն միացեալ դռնփակ նիստը:

Նիստին կը մասնակցէին ՀՅԴ-էն Աղուան Վարդանեան եւ Արմէն Ռուստամեան, Հայ ազգային քոնկրեսէն` Լեւոն Զուրաբեան եւ Արամ Մանուկեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն` Նայիրա Զոհրապեան, Վարդան Օսկանեան եւ Ստեփան Մարգարեան, Ժառանգութենէն` Ռուբէն Յակոբեան եւ Թեւան Պօղոսեան:

Քննարկումին աւարտէն ետք, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտնած է, որ քննարկուած են հետեւեալ որոշումները. կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու 28 ապրիլի որոշման նախագիծի մանրամասնութիւնները եւ նոր կառավարութեան առաջնահերթ գործողութիւններու ծրարը, որ վերջնականապէս յստակ կը դառնայ յաջորդ շաբթուան ընթացքին:

Քննարկուած է նաեւ հրապարակային նախաձեռնութիւններու ծրագիրը: Պատգամաւորը տեղեկացուցած է, որ 28-30 ապրիլին Ազատութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած է միացեալ ամէնօրեայ հանրահաւաք: Ըստ անոր, կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու նախագիծի քուէարկութիւնը պէտք է կատարուի նուազագոյնը 48 ժամէն եւ առաւելագոյնը 72 ժամէն, ինչ որ նախատեսուած է սահմանադրութեան մէջ: Պատգամաւորը նշած է, որ այսինքն քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 ապրիլին:

Ռուստամեան յայտնած է, որ մարզերուն մէջ նաեւ տեղի պիտի ունենան իրազեկման նախաձեռնութիւններ: Այդ ծրագիրները իրականացնելու նպատակով ստեղծուած են երկու յանձնախումբեր` կազմակերպչական եւ քարոզչական:

Ռուստամեան նշած է, որ 28 ապրիլէն ետք միացեալ ծրագիրներ չկան, սակայն ըստ ստեղծուած իրավիճակին, պիտի գնահատուին արդիւնքները եւ քննարկուին միասին կատարելիք յառաջիկայ աշխատանքները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES